2014-07-09 08:47:01

Պաղտատի պահանջեց ազատ արձակել իսլամ արգելափակեալները։


Իսլամական ծայրայեղականներուն կողմէ իսլամական բանտարկեալներու ազատ արձակումը պահանջելու արշաւին շրջագիծին մէջ, երեքշաբթի 8 յուլիսին, «Այշա» լրատուական կեդրոնին կողմէ հրապարակուեցաւ վիտէօ մը, որուն մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի յայտարարած Իսլամական պետութեան ղեկավար` Ապու Պաքր Պաղտատի անդրադարձաւ իսլամ արգելափակեալները ազատ արձակելու նոր հանգրուանի մը:
Ապու Պաքր Պաղտատի սպառնաց բանտապահներուն` զանոնք կոչելով դահիճներ եւ խոստացաւ սպաննել զանոնք: Պաղտատի սպառնաց Ռումիէի բանտին դէմ մաքրագործումի ընդարձակ գործողութիւն մը կատարել:
Նշենք, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը Ռումիէի շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ Ռումիէի դէմ ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը կը ծրագրեն` փախցնելու համար իսլամական բանտարկեալները:
Մինչ միւս կողմէ Իրաքի մէջ քիւրտ Փեշմերկաները Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Նաքշպանտիյայի ուղղութեամբ շղթայազերծած են ապահովական գործողութիւն մը` հետապնդելու համար ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալները: Գործողութեան պատճառով Իսլամական պետութեան զինեալներու շարքերուն մէջ արձանագրուած է երկու զոհ:
Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող գիւղերէն մէկուն մէջ մէկ ընտանիքէ երկու զոհ եւ երկու վիրաւոր արձանագրուած է, երբ հրասանդէ արձակուած հրթիռ մը ինկած է անոնց տան վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.