2014-07-09 16:24:01

Հարաւային Սուտանի անկախութեան 3-րդ տարեդարձը։


Չորեքշաբթի, 9 յուլիսին կը նշուի Հարաւային Սուտանի անկախութեան 3-րդ տարեդարձը։
Հարաւային Սուտանը իր անկախութիւնը պաշտօնապէս հռչակած է 9 յուլիս 2011-ին։
Անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք երկրին անկախութիւնը ճանչցան Եգիպտոսը, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան: Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին ողջունեց նոր պետութեան ծնունդը:
Այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստկաւոր Քահանայապետը պատուիրակութիւն մը ուղարկած էր գլխաւորութեամբ Նայրոպիի առաջնորդ` Կարտինալ Ճոն Նիու-ի, մասնակցելու անկախութեան արարողութիւններուն։
Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղած էր միջազգային հասարակութեան` աշխատելու անկեղծ, խաղաղ եւ շինիչ երկխօսութեան հասատատումի ի խնդիր ընդմէջ Սուտանի ու նորանկախ հանրապետութեան, ձեռք բերելու արդար եւ հաւասարակշիռ լուծումներ, տակաւին այն բոլոր անլուծուած հարցերուն համար։
Հարաւային Սուտանի բնակչութեան թիւը 8 միլիոնի կը հասնի կազմուած քրիտոնեաներէ եւ հոգեպաշտներէ մինչ Հիւսիսային Սուտանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմուած է արաբներէ եւ իսլամներէ։
Նշենք թէ նորանկախ Հարաւային Սուտանը կը գտնուի դժուար մարտահրաւերներու դիմաց որոնց պէտք է անմիջական լուծումներ գտնել ինչպէս ներգաղթը, բնակարանի եւ սնունդի ապահովութիւնը ու քաղաքական անապահովութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.