2014-07-09 16:40:18

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէնէն Պարապ Մարդը.....
՜՜Ի՛նչ պարապ մարդ է…՝՝ արտայայտութիւնը մարդիկ չեն ունենար անգործ մարդոց ակնարկութիւն ընելու այնքան, որքան՝ ինքնահաւան եւ ամբարտաւան մարդոց համար, որոնք ընդհանրապէս չե՛ն նշմարեր իրենց շուրջը գտնուողները ու կամաւորապէս արտաքին աշխարհին նկատմամբ կոյր կը ձեւանան, միայն իրենք իրենց անձը տեսնելով:
Իցի՜ւ թէ ներհայեցողութիւնը ըլլար իր «ինքնատեսութեան» պատճառը: Որովհետեւ այդպիսով պիտի դիմէր մարդկային կեանքի ամէնէն ցանկալի մէկ աշխատանքին՝ ինքնասրբագրութեան: Սակայն այս նայուածքը ո՛չ թէ իր սխալները տեսնելու համար է, այլ՝ պարզապէս իր անձին «մեծութիւնը» դիտելու եւ հիանալու համար…
Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գտնուող գերեզմանատուները լեցուն են այնպիսի մարդոց աճիւններով, որոնք իրենց ապրած օրերուն այնպէս կը խորհէին, թէ աշխարհը առանց իրենց պիտի չի շարունակուեր:
՜՜Արդեօք ինչպիսի՞ մարդիկ էին յիշեալ անձերը...ի՞նչ պաշտօն զբաղեցուցած էին անոնք իրենց կեանքին ընթացքին՝՝ պատասխանը կը սահմանէ հոգեբարոյախօսական եզրը նման անձերու վարմունքին: Սակայն մէկ բան բացայայտ կ՛երեւի, թէ մարդոց բոլոր խաւերուն մէջ ալ կան նման մտածողութեամբ անձեր: Այսինքն՝ անոնք ըլլան համեմատաբար ուրիշ աշխատանքներու՝ կարեւո՛ր պաշտօն զբաղեցնողներ, եւ սովորական աշխատանքներ կատարող մարդիկ: Օրինակ՝ գիտնականն ու աւելածուն, ուսուցիչն ու մատուցողը, աստղագէտն ու խոհարարը, օդաչուն եւ սակակառքի՝ taxi -ի վարորդը, բժիշկն ու ներկարարը, որոնց բոլորին գործն ալ յարգելի ըլլալով հանդերձ, ունին մակարդակի յստակ տարբերութիւններ:
Եւ այս անձերէն անոնք որոնք ՜՜ խորհին թէ՝ իրենցմէ վերջ ուրիշ գիտնականներ, ներկարարներ եւ այլ գործեր կատարողներ պիտի չըլլան՝՝ , անոնցմէ ՜՜իւրաքանչիւրը՝՝ բառին բուն իմաստով, կը հանդիսանայ աշխարհի ՜՜ամէնէն պարապ մարդը…՝՝
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը դառնալուն յաջորդող ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ տուեալ անձը իր կեանքի օրերուն իսկապէս կարեւոր իրագործումներ կատարած կ՛ըլլայ, սակայն յիշեալ կէտին մէջ՝ ձախողած: Այսինքն՝ ինքն իր անձը անփոխարինելի համարած կ՛ըլլայ ան՝ իր կատարած աշխատանքին ի տես: Այս պարագային, իր կատարած բոլոր աշխատանքը շատ «աժան գինով պիտի վաճառուի» իր մահէն ետք: Մարդ իր կենդանութեան ո՛չ միայն արժէքաւոր գործ թողելու ետեւէն պէտք է վազէ, այլ՝ համեստութեամբ իր յաջորդներուն պէտք է կարենայ կտակել իր սկսած գործին շարունակութիւնը: Ահա հոս է անմահութիւնը, որուն կը ձգտի ամէն մարդ: Իմաստուն ծերունին՝ այսպիսիները կը կոչէր «կաթնտու կով», որ կաթը տալէ վերջ, յանկարծ մէկ կից տալով հաւաքուած բոլոր կաթը կը թափէ գետին:
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու վտանգներէն մէկն ալ սեփական անձին մասին իր ունեցած կարծիքը գաղտնի պահել չկարենալու փորձութիւնն է: Այս քննութեան մէջ յաճախ ձախողած են բազմաթիւ իսկապէս լեցուն մարդիկ, որոնցմով պիտի հպարտանային դարեր ետք եկող սերունդները: Սակայն, անոնք իրենք իրենց մասին այնպիսի մե՜ծ կարծիքներ արձանագրած են, որ յաջորդող սերունդները իրապէս ժամանակավրէպ գտած են անոնց կատարած աշխատանքը:

«Ամէնէն պարապ մարդ»ը դառնալու առաջին քայլը եսակեդրոնութիւնն է: Սա այն հիւանդութիւնն է, որուն միջոցաւ մարդ կ՝երեւակայէ ու կը սկսի իր մէջ տեսնել կարողութիւններ, որոնք ուրիշներ չեն նկատեր իր վրայ, նոյնիսկ զարմանալով թէ ինչպէս ուրիշներ չեն տեսներ իր մեծ կարողութիւններու տէր ըլլալը: Այս զարմացումը փարատելու համար ան պէտք ունի միշտ յիշեցնելու շրջապատին իր ունեցած կարողութիւններուն մասին: Ուստի կը սկսի յայտարարելու իր չունեցած կարողութիւններն ու շնորհքները, այսպիսով ան հրապարակաւ կը ծանուցէ իր «ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալը: Ոմանք այսպիսի անձերը նմանցուցած են մշուշի մէջ ծովը ճեղքող նաւուն, որ ստիպողաբար ճչակը կը հնչեցնէ, իր ներկայութիւնը փաստելու համար… Դեռ ասոնք այնպէս կը խորհին, թէ աշխարհ պէտք է միշտ փառք տայ, որ իրենց նման մարդիկ կան…
«Ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու փորձութիւնը կրնայ յաճախել ոեւէ մարդու: Որովհետեւ գովասանքը մէկ կողմէ եւ ինքնագովութիւնը միւս կողմէ կրնան «նեղել» ոեւէ անձ, ու ան կ՛իյնայ «ամէնէն պարապ մարդ»ը ըլլալու թակարդին մէջ:
Բարոյական վիրաբուժութիւնը ամէն օր հազարաւոր գործողութիւններ պիտի կատարէր, եթէ մարդիկ իմանային թէ իրենց մէջէն պէտք է անպայման դուրս բերուի ինքնագովութիւնը, փրկելու համար իրենց ներկայ կեանքի վարկն ու յետ մահու համբաւը, «պարապ մարդ ըլլալ»ու անխուսափելի վտանգէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.