2014-07-08 08:21:57

Մարդու մը կեանքը կախեալ չէ իր ամբարած հարստութենէն
(Ղկ 12, 13-21)


Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ նա մանաւանդ մեզմէ կը պահանջէ որ միշտ կազմ ու պատրաստ ըլլանք մահուան որովհետեւ այն ժամուն երբ չենք սպասեր մարդու Որդին պիտի գայ:
Ուխտաւոր ենք այս վաղանցուկ աշխարհի մէջ, հոս մնայուն բնակարան չունինք եւ մեր ճշմարիտ հայրենիքը երկինքն է: Այս կէտին կ'ուղղուի մեր կեանքը: Որքան ուշացնենք մեր մահուան ժամանակը դեղերով, դարմանումներով, կամայ ակամայ, պիտի հանդիպինք Տիրոջ հետ եւ այս հանդիպումի ընթացքին է որուն որ շատ տրուեցաւ, անկէ շատ պիտի պահանջուի:
Աշխարհի մտայնութիւնը հետեւեալն է' այնքան արժէք ունիս որքան դրամ ունիս: Մարդիկ արժեւորուած են իրենց ունեցած հարստութեան, ընկերային դասակարգով, վարկով եւ ոյժով, սակայն այս բոլորը, Աստուծոյ աչքին ամենեւին անարժէք են:
Եթէ այսօր իմանամ որ անբուժելի հիւանդութենէ մը բռնուած եմ եւ թէ շատ ժամանակ չունիմ ապրելիք...ի՞նչ պիտի ընեմ իմ դրամովս, վարկովս, ուժովս: Անոնք ոչ մէկ բանի պիտի ծառայեն: Մենք պիտի դատուինք ոչ թէ մեր ունեցածին այլ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ տածած մեր
սիրոյն վրայ :
Հ. Գէորգ Վրդ. Զապարեան.








All the contents on this site are copyrighted ©.