2014-07-07 13:05:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Լամփետուզայի այցելութեան առաջին տարեդարձը։ Կարտինալ Վելիօ` ''Փախստականը սպառնալիք մը չէ''։


Կիրակի 6 Յուլիսին, Լամփետուզայի ս. Կերլանտոյի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահ` կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան մատուցուած Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կղզիին այցելութեան առաջին տարեդարձին առթիւ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ` Կարտինալ Վելիօ, կոչ ուղղեց Եւրոպային ընդգծելով որ Լամփետուզայի բնակիչները սրտբաց ընդունեցան փախստական իրենց եղբայրներն ու քոյրերը։
''Փախստականը սպառնալիք մը չէ այլ կարող է դառնալ բարեբեր` յոգնած ու ծերացած Եւրոպայի համար։ Երբ Եւրոպան ճանչնայ իր քրիստոնէական արմատները ու վեհանձնութեամբ ընդունի գաղթականը, ցամաքամասը կը հզօրանայ, քանի անոր արմատները յատկանշուած են հիւրընկալութեամբ, զանազանութեան յարգանքով ու հասարակաց բարիքով'' – հաստատեց Ծիրանաւորը ու հարց տալով թէ ''ի՞նչպիսի յանդգնութեամբ կարելի է մերժել գաղթականը, ծով նետել զայն կամ մղել զինք որ հայրերնիք վերադառնայ''։ Ան ապա ընդգծեց թէ ''հարկաւոր է խօսիլ համաշխարհային բարիքներու արդար բաշխումի մասին, որուն առաջին չարաշահագործուածը Ափրիկէն է, ուրկէ կու գան բազմաթիւ փախստականները։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ ամենակալ Տիրոջ որ եւրոպական հաստատաութիւնները ու միջազգային համայն հասարակութիւնը համոզուին ու աւելի համակարգադրութեամբ ու համագործակցութեամբ ներգործեն աւելի արդար, աւելի զօրավիգ ու աւելի մարդկայնական աշխարհի մը կերտումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.