2014-07-07 10:39:51

Քայիտայի երկու անդամներ Սէուտական կառավարական շէնքի մը մէջ իրենք զիրենք պայթեցուցին


«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Շարուրա շրջանին մէջ Քայիտայի երկու անդամներ շաբաթ օր իրենք զիրենք պայթեցուցած են կառավարական շէնքի մը մէջ, որ ուրբաթ առտուընէ ի վեր սէուտական ապահովական ուժերուն կողմէ պաշարուած էր: Աղբիւրը նշեց, որ անոնց եւ ուրբաթ առաւօտ սպաննուած երեք այլ ահաբեկիչներու անունները պիտի հրապարակուին, երբ «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութիւնը աւարտի` նշելով, որ ահաբեկիչները իրենք զիրենք սպաննած են ապահովական մարմիններուն բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերելէ ետք:
Ապահովական մարմիններու շարքերուն մէջ զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:
Ահաբեկիչներուն մօտ գտնուած են ականուած գօտիներ, ձեռնառումբեր, քոքթել մոլոթովներ, շարք մը գնդացիրներ եւ մեծաքանակ փամփուշտներ:
Սէուտական ապահովական իշխանութիւնները ուրբաթ օր յայտարարած էին, որ Քայիտայի վեց անդամներ Մանֆազ Ուատիհայի մէջ յարձակում գործած են ապահովական շրջուն անդամներու վրայ, որուն պատճառով սպաննուած է ահաբեկչական բջիջի մը ղեկավարը եւ ապահովական ուժերու շարքերուն մէջ արձանագրուած է երկու վիրաւոր:
Ապահովական ուժերը յաջողած են ետ մղել յարձակումը եւ սպաննել երեք զինեալներ եւ ձերբակալել չորրորդ մը, որ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ փնտռուած էր:
Զինեալներէն երկուքը փախուստ տուած են դէպի Շարուրա, ուր պաշարուելէ ետք իրենք զիրենք պայթեցուցած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.