2014-07-07 11:56:43

Պոլիվիոյ մէջ աղքատութեան վերջ տալու համար երեխաներուն արտօնած են 10 տարեկանէն աշխատիլ


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլիվիոյ օրէնսդիրները հաւանութիւն տուած են օրինագիծի մը, որ երեխաներուն կ՛արտօնէ 10 տարեկանէն սկսեալ օրինական կերպով աշխատիլ:
Ըստ օրինագիծին, գործատունը պարտաւոր է ապահովել աշխատող երեխաներուն ֆիզիքական եւ հոգեբանական առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել փոքրերու` շահագործման ենթարկուելու հաւանականութիւնը:
«Որեւէ պարագայի երեխաները 10 տարեկանէն կրնան աշխատիլ, եթէ կայ ծնողներու, խնամակալի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանի թոյլտուութիւնը», կը նշուի օրինագիծին մէջ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ օրինագիծը որդեգրելու նպատակը երկրին մէջ ծայրայեղ աղքատութեան երեւոյթին վերջ տալն է, բան մը, որ ըստ իշխանութիւններուն, պէտք է իրականանայ 2025-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.