Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքի քարտուղար Ալեքսանտր
Տրապինքօ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ պատրիարք Վլատիմիրը վախճանած է: Յուլիսի
սկիզբը 78 տարեկան հոգեւոր առաջնորդը ներքին արիւնահոսութիւն ունեցած էր: Մայիսին
Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը սկսած է հետաքննել Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր
Եանուքովիչի` պատրիարքին վրայ ճնշում գործադրելու փաստը: Իրաւապահ մարմիններուն տուեալներով`
պետութեան ղեկավարը փորձած է պատրիարքին հեռացման հասնիլ: Փետրուարին յայտնի դարձած
էր, որ հոգեւորականը վատ առողջութեան պատճառով չի կրնար կատարել իր պարտաւորութիւնները: