2014-07-07 15:23:41

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի մամլոյ ասուլիսը հայող Քահանայապետական անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի գումարած ժողովին


Երկուշաբթի, 7 յուլիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին տեղեկացուց, թէ կիրակի` 6 յուլիսին, Վատիկանի մէջ կայացաւ՝ անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբի ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբի նոր ներկայացուցիչներու անուանումներու հարցը, յանձնախումբի կէտնպատակները եւ անոր սահմանադրական հարցերը, աւելցնելով, թէ վերոյիշեալ Քահանայապետական յանձնախումբը իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ յառաջիկայ հոկտեմբերին։
Հայր Լոմպարտի, զրոյցի ընթացին, անդրադարձաւ նաեւ` երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին եւ այդ արարողութեան, Իրլանտայէն, Անգլիայէն եւ Գերմանիայէն ժամանած՝ մանկապղծութեան զոհ` 6 անհատներու մասնակցութեան։
Հայր Լոմպարտի նշեց, թէ անոնք Վատիկան ժամանեցին Կիրակի, 6 յուլիսի երեկոյեան, եւ Սանթա Մարթայի սեղանատան մէջ, եղան Քահանայապետի ընթրիքի պատուոյ հիւրերը։ Մինչ՝ այսօր, առաւօտեան, անոնք մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մատուցած սուրբ պատարագին որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը` կէս ժամ տեւող, առանձնական հանդիպումներ ունեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ։
Հայր Լոմպարտին յայտնեց, թէ առաւօտեան, Սուրբ Պատարագը եղաւ խաղաղութեան եւ արդարութեան ծիսակատարութիւն եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու կողմէ բռնաբարուած վեց հոգիները, մեծապէս տպաւորուած եւ յուզուած էին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած իրենց հանդիպումէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.