2014-07-07 10:08:16

Կիրակնօրեայ խօսքը. անսալով հրաւէրին ու գործադրելով պայմանը…


Սիրելի՛ ընթերցող, ամսոյս 27-ին, ուրբաթ, կատարեցինք տօնը «Յիսուսի Ս. Սրտին»: Ճիշդ է, որ թէպէտ Արեւմուտքէն եկած է այս տօնախմբումը, բայց եւ այնպէս անոր պարունակը գոյառած է Արեւելքին մէջ:
Ամէն տարի սիրոյ ու պաշտամունքի այս տօնակատարութեան համար կը կարդացուի առաջին աւետարանիչէն` Ս. Մատթէոսէն այն հատուածը (Մտթ. 11,25-30), որ իր երկու մասերով ուղղակի մէջբերում է մեր Աստուածային Վարդապետին ուսուցումէն:
Ինքնահաճ «իմաստուններէն» եւ ինքնաշպար «բանգէտներէն» ծածկուած պիտի մնայ Աստուծոյ արքայութեան խորհուրդը, որ կը յայտնուի միայն սրտով, մտքով, կամքով, աչքով ու բերնով «մանուկներուն», այսինքն` անմեղներուն եւ առաքինիներուն:
Այս եղելութեան համար Յիսուս շնորհակալ է իր Հօր, որ` «Տէրն է երկնքին ու երկրին»: Այս Տէրը` «Աստուած սէրն է» (1Յվհ. 4,8) տիեզերքին ու մարդկութեան, որոնց համար եւ որոնց մէջ Հօր բոլոր արարքները «հաճելի» են Որդիին:
Հոս կ՛ուրուագծուի յարաբերութիւնը Հօր եւ Որդիին: Առաջինը յանձնեց Երկրորդին ամէն բան, որ է ու պիտի ըլլայ Աստուծոյ անժամանակին եւ մարդուն ժամանակին մէջ:
Մարդերուն համար Աստուածային Անձերուն ճանաչումը կու գայ միայն Աստուածային Անձերէն, որովհետեւ այսպիսի ծանօթութիւն մը շնորհք է` տրուած «ի վերուստ»:
Ոչ մէկ մարդ կրնայ ու գիտէ ճանչնալ «Որդին, եթէ ո՛չ` Հայրը, եւ ոչ մէկը կը ճանչնայ Հայրը, եթէ ո՛չ` Որդին»: Նաեւ միայն այն մարդը պիտի կարենայ ունենալ ճանաչողութիւնն Աստուածային Անձերուն, «որուն Որդին կը հաճի յայտնել»:
Ուրեմն, կարելիութիւնը կայ քեզի, անոր եւ ինծի համար, որոնց վրայ իջնէ՜ Յիսուսի հաճութիւնը ի նպաստ աստուածայայտնութեան…
Ասոնք են համադրուած ճշմարտութիւններն առաջին մասին (Մտթ. 11,25-27), որուն կը յաջորդէ «Ձեզի հանգիստ պիտի գամ» խորագրեալ երկրորդ բաժինը (Մտթ. 11,28-30): Հանգիստ խոստացողն է Յիսուս Քրիստոս, որուն «սիրտը» սուրբգրային առկայութիւնն է:
Ինչպէս գիտես, սիրտը վայրն է սիրոյ, որով մարդերս կ՛ապրինք եւ կ՛ապրեցնենք: Նոյնը` Աստուածամարդուն: Այո՛, այս իրողութիւնը կ՛արժէ նաեւ Քրիստոսի համար, որ իր 33 տարիներուն ընթացքին միայն սիրեց մարդերը եւ իր անհուն սէրէն տարուելով` ոչ միայն քարոզեց ու սորվեցուց մարդերուն, բուժեց եւ առողջացուց մարդերը, օգնեց ու հրաշագործեց մարդերուն, այլ նաեւ խաչին վրայ իր կեանքը զոհաբերեց մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար` յայտարարելով. «Յաւիտենական սիրով սիրեցի քեզ, ո՜վ մարդ»:
Այսօր ալ նոյն սիրազեղ յայտարարութիւնը կը կրկնէ Յիսուս, երբ Ս. Մատթէոսի քով կը կարդանք այս գթալիր հրաւէրը. «Ինծի եկէ՛ք, դուք բոլորդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի»:
Հրաւէրը պարզ է, յստակ է եւ` անյետսկոչելի, քանի կու գայ սուրբ ու ջինջ սիրավայրէն` աստուածային Սրտէն Յիսուսի, որ լուրջ, հզօր եւ գործադրող է իր խօսքին մէջ:
Այս հրաւէրին պատմական արձագանգն է այն յիշեցումը, զոր Քրիստոս ըրաւ 27 դեկտեմբեր 1673-ին, երբ տեսիլքին ատեն խօսեցաւ ֆրանսացի Ս. Մարգարիտա Մարիա Ալագոգ մայրապետին. «Իմ աստուածային Սիրտս մարդերուն հանդէպ ունեցած սէրէն այնքան կը վառի, որ իր մէջ այլեւս չի կրնար պահել այս շիկացած սիրոյն բոցերը եւ կը տենչայ զանոնք թափել մարդերուն վրայ, որպէս զի զանոնք հարստացնէ այն թանկագին գանձերով, որոնք կը գտնուին սրբարար ու բուժարար շնորհքներուն մէջ` մարդերն ազատելու համար յաւիտենական դատապարտութենէն»:
Կնքուածներս կը գիտակցի՞նք մեր Փրկչին հրաւէրին եւ կ՛անսա՞նք անոր խօսքերուն, որոնք ճշմարտութիւն, կեանք ու փառք կը շնորհեն հաւատացողներուն:
Կարծես` գթասիրտ Տէրն է մուրացկանն ու կարիքաւորը, իսկ մարդը ինքնաբաւը եւ ունեւորն է: Յիսուս, որուն մարդասիրութիւնը դարձուցած է Զինք մտահոգ մեր աստենական ու անդենական երջանկութեամբ, դարձեալ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը. «Եթէ մէկը ծարաւի է, թող Ինծի գայ եւ թող խմէ: Ան, որ Ինծի կը հաւատայ, անոր ծոցէն պիտի հոսին գետեր կենսատու ջուրին» (Յվհ. 7,37-38):
Մեզմէ ո՞վ չ՛ուզեր յագենալ արտաքին ու ներքին բաւարարութեամբ, բարօրութեամբ, գոհունակութեամբ, ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ, որոնց ստացումին համար մատնուած ենք հոգեմաշ հեւքին ու ջղասպառ մտատանջումին:
Եւ ահաւասիկ, առօրեայի մեր թոհուբոհին մէջ կը ձայնէ ՄԷԿԸ, Ա՛Ն, Է՛, որ կ՛ուզէ, կրնայ եւ գիտէ գործադրել իր խօսքն ու կատարել իր խոստումը. «Յոգնածնե՜ր, Ինծի եկէ՛ք, եւ պիտի հանգստացնեմ ձեզ: Բեռնաւորուածնե՜ր, Ինծի մօտեցէ՛ք, եւ պիտի թեթեւցնեմ ձեզ: Ծարաւինե՜ր, Ինձմէ խմեցէ՛ք, եւ պիտի յագեցնեմ ձեզ: Յուսալքեալնե՜ր, Ինծի հաւատացէ՛ք, եւ պիտի անդորրացնեմ ձեզ»:
Այսպիսի հրաւիրատու խօսքեր չենք գտներ ոչ մէկ «կրօնի» ոչ մէկ չակերտուած «սուրբ գիրքի» մէջ եւ անոնց ոչ մէկ հիմնադրին կամ «առաքեալ»-ին մօտ, որովհետեւ պատմական ճշմարտութեամբ չենք կրնար հաստատել անոնցմէ մէկուն մասին, ինչ որ պատմականօրէն ու ճշմարտացիօրէն կը դաւանինք Յիսուսի մասին. «Մենք ասով ճանչցանք ՍԷՐԸ, որ Ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար» (1Յվհ. 3,16):
Այո՛, Հրաւիրողը հոս է, ներկայ է յաւերժական առկայութեամբ, ինչպէս ալ հրաւէրը միշտ հոս ու այժմէական է: Սակայն ուշադրութի՛ւն: Այս հրաւէրն ընդունողները կատարելու են մարդասէր Հրաւիրողին այս պայմանը. «Առէ՛ք լուծս ձեր վրայ, սորվեցէ՛ք Ինձմէ, որ Սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ: Ու միայն այսպէս պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» եւ մարմիններուն:
Եւ որպէսզի դիւրացնէ մեր ընկալումն ու գործադրումը, Յիսուս` Մարդաճանաչն ու Դաստիարակը, իսկոյն կ՛իմացնէ. «Իմ լուծս քաղցր է ու բեռս` թեթեւ»:
«Տէր իմ եւ Աստուած իմ (Յվհ. 21,28), կը հաւատամ, օգնէ՛ իմ անհաւատութեանս» (Մրկ. 9,24): Ա՛յս համոզումով, կը մնայ մեզի ընդառաջել հրաւէրին ու գործադրել պայմանը, որ արժանանանք խոստացուած խաղաղութեան ու գոհունակութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.