2014-07-05 15:57:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Ապրուցցօ եւ Մոլիզէ թեմերու երիտասարդներուն հետ։


Ֆրանչիսկոս Պապին Մոլիզէ նահանքի կատարած հովուական այցելութեան երկրորդ հանգրուանը սկիզբ առաւ շաբաթ, 5 յուլիսի յետմիջօրէին, Նորին Սրբութեան Երիտասարդներուն հետ հանդիպումով։
Հովուական միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը, առաւօտեան, հանդիպում ունեցած էր գործի աշխարհի նեկայացուցիչներուն հետ ու ապա Քամփոպասսոյի մարզադաշտին մէջ մատուցած էր բացօթեայ սուրբ պատարագ որուն աւարտին Քամփոպասսոյի Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ ամփոփուած էր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Քամփոպասսոյի երկու եպիսկոպոսներուն դամբաններու մօտ հանդիպած էր խումբ մը հիւանդներուն հետ։Ան ապա ժամը 1-ին այցելած էր ''Հրեշտակներու Տուն'' անուան կեդրոնը ուր կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցած էր Քամփոպասսոյի Քարիթասէն խնամուած աղքատներուն հետ ու բացումը կատարած` թեմի ''բարեսիրական'' հաստատութեան նոր կառոյցին։
Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Քասթելփեթրոզօ, ուր ժամանեց 14,45-ին եւ ուղղուեցաւ Քասթելփեթրոզօյի Մարեմեան սրբավայրը ուր սրբավայրի հրապարակի վրայ հանդիպում ունեցաւ Ապրուցցօ եւ Մոլիզէ թեմերու երիտասարդներուն հետ։
Հանդիպումին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք արտասանեցին` Ավեցցանօ թեմի եպիսկոպոսը եւ շրջանի երիտասարդներու Հովութեան պատասխանատու` գերապայծառ Փիէթրօ Սանթորոն ու յանուն երիտասարդութեան` Սարա Մէսսէրէ անունով երիտասարդուհի մը։

Ապրուցցօ եւ Մոլիզէ թեմերու երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան` մատնանշելով թէ ''իրենց ստեղծած տօնական մթնոլորտը վարակիչ է''։
''Դուք բացուած էք յոյսին եւ կը ձգտիք լիութեան, իմաստ տալու համար ձեր ապագային ու ձեր կաենքին. Մէկ կողմէն կը փնտռէք էականը` ձեր սրտերը ջերմացնող պատասխաններ, եւ միւս կողմէն կ՛ապրիք սխալելու մտավախութիւնը։ Ժամանակակից ընկերութիւնը իր գերիշխող ''ժամանակաւոր'' մշակոյթով, սիրոյ եւ պատասխանատուութեան ժայռի վրայ կառուցած կեանքի կայուն ընրտրութիւններու եւ ամուր կապերու կազմաւորումին ի նպաստ պատշաճ մթնոլորտ մը չի տրամադրեր։Թէեւ մարդկային սիրտը կը ձգտի կարեւոր արժէքներու, խոր բարեկամութիւններու եւ կապերու` որոնք կ՛ամրապնդուին կեանքի դժուար ժամանակներու ընթացքին։
Մարդ արարածը կը ձգտի սիրել եւ սիրուիլ ''անսակարկելի'' կերպով։ Ժամանակաւորի մշակոյթը մեր ազատութիւնը չի հրահրեր, այլ մեզ կը զրկէ մեր իսկական ճակատագիրէն – յայտնեց Քահանայապտը ու երիտասարդներէն խնդրեց որ չթողուն որ իրենցմէ կողոպտեն ցանկութիւնը իերնց կաենքին մէջ կառուցելու մեծ եւ տոկուն բաներ։
''Մի բաւարարուիք – ըսաւ Ան - փոքրիկ նպատակներ հետապնդելէ. Քաջութիւնը ունեցէք դուք ձեզմէ դուրս ելլելու եւ համարձակութեամբ ձեռքբերելու ձեր ապագան Յիսուսի հետ։ Առանձին կարելի չէ յառաջ ընթանալ, առանցին կարելի չէ ուղիղ ճանապարհը գտնել եւ նոյնիսկ եթէ գտնենք բաւարար ուժ պիտի չունենանք այդ ճանապարհով ընթանալու, եւ հոս է որ մուտք կը գործէ մեր Տիրոջ Յիսուսի հրաւէրը` ''Եթէ կ՛ուզես .... Հետեւէ ինծի''։ Միայն Յիսուսի հետ, Անոր աղօթելով ու Անոր հետեւելով է որ կարելի է վերագտնել ''ուժ եւ տեսութիւն''։ Ան մեզ կը սիրէ անհունօրէն, ու մեզ ընտրեց վերջնականապէս։ Մեր պաշպանը ու մեր աւագ եղբայրն է, ու Ան պիտի ըլլայ նաեւ մեր միակ դատաւորը։ Ան մեզի թոյլ կու տայ ըլլալ ազատ` ազատ գործելու բարին եւ կարող` ներելու եւ ներում խնդրելու։ ''Աստուած երբեք չի հոգնիր մեզ ներելէ'' - վերահաստատեց Սրբազան Հայրը - Ան վերջնականապէս կը ներէ, կը ջնջնէ եւ կը մօռնայ մեր մեղքերը, երբ մենք Անոր դիմենք խոնարհութեամբ եւ վստահութեամբ։
''Դժուարութիւնները եւ տագնապները կարելի է յաղթահարել` Աստուծոյ օգութեամբ ու բարի կամքով''. ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` ''Մարիամ մեզ կը տանի Յիսուսին, դիմենք Անոր վստահութեամբ''։

Յայտնենք թէ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնաշարժով փոխադրուցաւ Իզերնիա` ուր Իզերնիայի բանտին մէջ հանդիպեցաւ բանտարկեալներուն ու ապա Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ հիւանդներու այլ խումբի մը հետ։

Իսկ երեկոյեան ժամը 18.15-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ կը հանդիպի թեմին հաւատացեալներուն, սկիզբ տալով ''Չելեսթինիան'' յոբելինական տարւոյն ու եզրափակելով` Մոլիզէ կատարած հովուական միօրեայ այցելութիւնը որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Իտալիոյ մէջ կատարած 5-րդը` Լամփետուզա, Ասսիզի, Քալիարի եւ Քալապրիայ կատարած այցելութիւններէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.