2014-07-05 11:02:09

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Քամփոպասսոյի մէջ։


Շաբաթ, 5 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 7.45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իտալիոյ կեդրոնական շրջան` Մոլիզէ նահանգ, այցելութիւն կատարելու Քամփոպասսօ- Պոեանօ եւ Իզերնիա – Վենաֆրօ թեմերուն։ Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանդիպումներ կ՛ունենայ երիտասարդներուն, բանտարկեալներուն, աղքատներուն եւ գործարարական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, մինչ երեկոյեան ''Չելեսթինօ Ե'' Քահանայապետի ծննդավայր` Իզերնիայի մէջ, բացումը կը կատարէ ''Չելեսթինեան'' յոբելինական տարւոյն։

Սրբազան Հօր ինքնաթիռը Քամփոպասսոյի ''Մոլիզէ համալասարանին'' բակը ժամանեց` առաւօտեան 8.30-ին, ուր զինք դիմաւորեցին Քամփոպասսօ- Պոեանօ թեմի Արքեպիսկոպոս` գերապայածառ Ճանքարլօ Պերկամինին, Մոլիզէ նահանգի նախագահին, Քամփոպասսոյի Ոստիկանապետին, Քաղաքապետին եւ Մարզպետին հետ։
Ժամը 9-ին, ''Մոլիզէ համալասարանին'' գլխաւոր դահլիճին մէջ, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Մոլիզէ շրջանի աշխատանքի եւ գործարարներու աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումի սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համալսարանի Րէկտոր` Փրօֆ. Ճանմարիա Փալմիէրին ու ապա Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսք ուղղեցին հողագործ մը եւ իտալական ''Ֆիաթ'' ինքնաշարժի արտադրութեան գործարանի բանուորուհի մը։
Ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, մեր Հայր Աստուածը կը մղէ մեզ դուրս գալու մեր առօրեայ կեանքէն, եթէ այդ քաջութիւնը չունենանք բնաւ յառաջ պիտի չերթանք։ Մեր Տէր Աստուածը կը սիրէ նախաձեռնող մարդիկը, հնարամիտները։ Իմ հովուական այցելութիւնս Մոլիզէ սկսաւ բանուորական աշխարհին հետ հանդիպումով, հանդիպումը տեղի կ'ունենայ համալսարանի մէջ, ասիկա նշանակալից է, քանի կ'ընդգծէ անհարաժեշտութիւնը փնտռտուքի, կազմաւորումի` լաւագոյնս դիմագրաւելու ներկայ տնտեսական տագնապը։
Լիովին կը բաժնեմ տեսակէտը այն հողամշակին որ իր կեանքի վկայութիւնը տուաւ ըսելով. ''հողամշակումով կը պահպանեմ հողը, որպէսզի բարի պտուղ տայ, առանց զայն շահագործելու''։ Ասիկա ներկայ դարու մեծագոյն մարտահրաւէրն է` -ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - արարչագործութեան յարգանքը։ Ան ապա հաստատեց թէ ''Նոյնպէս կը բաժնեմ բանուոր կնոջ վկայութիւնը, որ խօսեցաւ իր ու իր ընտանիքին անունով` ամուսինը, 15 ամսու երեխան ու արգանդին մէջ աճող ծնանելիքը, կոչ ուղղելով վասն աշխատանքի ու վասն ընտանիքին''։ Ան այդ վկայութեամբ կը մտի հաշտեցնել աշխատանքի ու ընտանիքի ժամերը։ Հարկաւոր է որ հայրերն ու մայրերը ժամանակ տրամադրեն իրենց զաւակներուն։ Մարդ էակը աւելի կարեւոր է քան տնտեսութիւնը, մարդկային յարաբերութիւնները` աւելի կարեւոր են քան առեւտրական յարաբերութիւնները։ ''Ժամը հնչեց հարցադրելու եթէ աւելի կարեւոր է կիրակնօրեայ աշխատանքը կամ մարդու ազատութիւնը'', ըսաւ Քահանայապետը եւ խօսքին աւարտին յայտնեց. ''այսօր կ'ուզեմ իմ ձայնս միացնել այս հողի բազմաթիւ բանուորներու ու գործարարներու որպէսզի միացեալ դաշինք մը կնքեն աշխատանքին ի սպաս։ Կը քաջալերեմ ձեզ, այս ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու, եւ վստահ եմ որ այդ դաշինքը ամէնուն բարեբեր պիտի ըլլայ։ Մարդուն մեծագոյն հարցը անօթութիւնը չէ այլ արժանաւորութեան պահպանումը, ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակելով շնորհակալութիւն յայտնեց ''մայրութիւնը'' ներակայացնող գեղանկարչութեան նուէրին համար։ Մայրութիւնը` երկունք է, այդ երկունքը սակայն կեանք կը պարգեւէ որ լի է յոյսով – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.