2014-07-04 09:58:34

Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Մարմին. Հաղորդագրութիւն։


Սուրիոյ տագնապի ընթացքին Հալէպի ու հալէպահայութեան կրած կորուստներն ու վնասները անհամեմատելի կը մնան։
Այսպէս, 2014-ի Մայիս ամսուան վերջաւորութեան եւ Յունիս ամսուան սկիզբը, Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ինկած մեծաթիւ հրթիռներուն եւ հրասանդներուն պատճառով, շրջանի կրած նիւթական մեծ վնասներուն խնդիրը Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինս իր ժողովներուն հանգամանօրէն քննելէ ետք, շրջանի միայն որոշակի վնասներ կրած բնակարանները վերաբնակելի դարձնելու առաջադրութեամբ, Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնին տասը միլիոն սուրիական ոսկի յատկացում կատարեց։
Նոր Գիւղի ահաւոր իրավիճակի բարեփոխման համար, մեր կոչերուն ընդառաջող կողմերէն՝ յատկապէս գնահատելի նախաձեռնութիւն նկատուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կեցուածքը, որ Նոր Գիւղի շրջանի բարեկարգման ծրագրին համար ՍՇՕՎՄարմնիս փոխանցեց՝ հինգ միլիոն սուրիական ոսկի օժանդակութիւն։
Արդ, մեր կանչերուն անյապաղ արձագանգելուն համար, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան եւ յուսադրուած կը մնանք, որ մեր ազգակիցները միեւնոյն քայլերով ընթանալով՝ կը նպաստեն ընդհանրապէս սուրիաբնակ հայութեան եւ մասնաւորաբար Նոր Գիւղի բնակարաններու վերակառուցման ծրագիրներուն։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Հալէպ, 3 Յուլիս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.