2014-07-04 11:56:49

Հեշտամահը


Ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան մակարդակր կ՛արժեւորուի ու կը յատկանշուի իր մտածելակերպով, կենցաղով, բարքերով եւ օրէնքներով:
Ամուսնալուծումի ու վիժումի քաղաքական վաւերացումներր, սկսած են տարածել մշակոյթ մը, ուր եսասիրութիւնր դարձած է որպէս հիմ ապրելակերպի:
Վիժումի վաւերացումէն ետք, ահաւասիկ կը մերձենայ վտանգը՝ հեշտամահը եւս օրինականացնելու:
Դարերու ընթացքին, Եկեղեցին հաստատած էր «Բարի մահուան եղբայրակցութիւններ» օգնութիւն եւ մխիթարութիւն ընձեռելու մահամերձներուն. այսօր, մինչդեռ, ծնունդ առած են «մահուան կազմակերպութիւններ, «հեշտ ու քաղցր» կերպով փութացնելու` ծանր հիւանդներու մահը:
Բժիշկներ, որոնք շատ անգամ կը գլխաւորէն ու կ՛առաջնորդեն այս կազմակերպութիւնները, կը հակասեն իրենց առաքելութեան ու գործունէութեան, որովհետեւ, կեանքն ու առողջութիւնը խնամել կ՛ակնկալուի անոնցմէ. մինչդեռ, կը ծառայեն մահուան սպասումին, ստէպ ճշմարտակերպ պատրուակներ գտնելով, ներշնչուած՝ եսասիրութենէ ու կեղծաւորութենէ:
Հիթլէրը, առաջիններէն եղաւ վաւերացնելու հեշտամահի ոճիրը, բայց, ինքնագիտակցութիւնը ունեցաւ խոստովանելու թէ պէտք է ջնջել «ծանրութիւններն ու անօգուտ ձրիակերները»:
«Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի ընդօրինակէք, այլ՝ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ» (Հռ. 12,2):
Այսպէս կր յորդորէ Պօղոս Առաքեալ, որպէսզի հաւատացեալները փորձութեան մէջ չիյնան:
«Պէտք է բուռն կերպով պայքարիլ վիժումին եւ հեշտամահին դէմ, կեանքի բոլոր, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական ամբողջական բռնաբարումներուն դէմ, պաշտպանելով անձին անմեղութիւնը:
Բնութեան օրէնքը՝ նախքան աւետարանները՝ կը մերժէ նմանօրինակ վարմունքներ:
Սուրբ է մարդկային անմեղունակ կեանքը. բռնաբարել այս հիմնական սկզբունքը որեւէ քաղաքակիրթ ապրելակերպէ, կր նշանակէ տապալել մարդկային լինելութիւնը այն պատուանդանէն որու վրայ մարդկային արժանապատուութիւնը զայն կը դասէ, վերածելով յենարանի մը իր նմաններուն համար` օժտուած աւելի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կարողութիւններով»: Յովհաննէս Պօղոս Բ. - 1984
Հեղինակ` Եղիշէ Վրդ. Ճիւլեան, Հեշտամահը, Վենետիկ 2013








All the contents on this site are copyrighted ©.