2014-07-04 11:07:29

Արժանթինի հայ համայնքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն խնդրած է միջամտել Սուրիոյ ընդհարումի հարցով։


Արժանթինի հայ համայնքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն խնդրած է միջամտել Սուրիոյ ընդհարումի հարցով` ի շահ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան վերահաստատումին, եւ փախստականներուն իրենց օճախները վերադարձին։
''ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղած մէկ նամակով Արժանթինի հայերը պարզած է` Սուրիոյ քրիստոնեաներուն տխուր ու ցաւալի կացութիւնը, մատնանշելով որ քաղաքացի բնակչութիւնը կ'ապրի խիստ դժուար ու մտահոգիչ պայմաններու մէջ''։ Այս լուրը հաղորդագրած է ''Prensa Armenia'' լրատու գործակալութիւնը։
Նամակը մէջ մէջբերուած է Քեսապի բնակչութեան` Թուրքիայէն եկած մահմետական ահաբեկիչներէն կրած յարձակումին օրինակը ։
Անցեալ 2 յունիսի նախագահական ընտրութիւններէն այսօր` Հալէպ քաղաքը թիրախ է ահաբեկիչներու յարձակումներուն։ Հայաբնակ Նոր գիւղը յաճախակի ռմբակոծումներու ենթարկուած է, բազմաթիւ շէնքեր մասամբ կամ բոլորովին կործանուած են։
Ի տես այս կացութեան, Արժանթինի հայ համայնքը, անգամ մը եւս իր ձայնը կը բարձրացնէ եւ կը խնդրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին միջամտութիւնը, ''որպէս անգամ մը եւս փաստուի, թէ զանազան ազգի, կրօնի, մշակոյթի, լեզուի ու գաղափարախօսութեան պատկան մարդիկ` կարող են ներդաշնակութեամբ ապրիլ միասնաբար։








All the contents on this site are copyrighted ©.