2014-07-03 09:30:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցը Իտալիոյ Մոլիզէ Նահանգին։


Յառաջիկայ շաբաթ 5 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ կեդրոնական շրջանի Մոլիզէ նահանգին` Քամփոպասսօ- Պոյանօ եւ Իզերնիա – Վենաֆրօ թեմերուն։ Այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի հանդիպի երիտասարդներուն եւ բանտարկեալներուն, կէսօրուայ ճաշը պիտի բաժնեկցի աղքատներուն հետ ու ապա Ռոմանիոլի մարզադաշտին մէջ պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։ Հովուական այցելութեան կազմակերպիչներու համաձայն կը սպասուի աւելի քան 150 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Վերոյիշեալ հովուական այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Իտալիոյ մէջ կատարած 5-րդ այցելութիւնը` Լամփետուզա, Ասսիզի, Քալիարի եւ Քալապրիայ կատարած այցելութիւններէն ետք։
Հովուական այցելութիւնը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը` 7.45-ին, երբ Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կը մեկնի Վատիկանէն եւ Քամբոպասսոյի ''Մոլիզէ համալասրանին'' բակը կը ժամանէ` 8.45-ին։
Ժամը 9-ին, համալսարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ, Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Մոլիզէ շրջանի աշխատանքի եւ գործարաններու արդիւնաբերութեան աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը։Ան ապա ժամը 10.30-ին Քամփոպասսոյի Ռոմանիոլի մարզադաշտի տարածքին կը հանդիսապետէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին` Քամփոպասսոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ խումբ մը հիւանդներուն հետ ու ապա կէսօրուայ ճաշը կը բաժնեկցի Քամփոպասսոյի Քարիթասէն խնամուած աղքատներուն հետ։
Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կը փոխադրուի Քասթելփեթրոզօ, ուր ժամը 15.15-ին, հանդիպում կ՛ունենայ Ապրուցցօ եւ Մոլիզէ թեմերու երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը ինքնաշարժով կը տեղափոխուի Իզերնիա ուր Իզերնիայի բանտին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ բանտարկեալներուն հետ ու ապա Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի այլ հիւանդներու խումբի մը։
Երեկոյեան ժամը 18.15-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իզերնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակի վրայ հանդիպում կ՛ունենայ թեմի հաւատացեալներուն հետ, սկիզբ տալով ''Չելեսթինիան'' յոբելինական տարւոյն ու եզրափակելով իր հովուական այցելութիւնը։
Նորին Սրբութեան Վատիկան ժամանումը նախատեսոաւծ է երեկոյեան 8,15-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.