2014-07-03 10:17:51

Երուսաղէմի մէջ Պաղեստինցի պատանի մը սպաննուեցաւ։


Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը չորեքշաբթի, 2 յուլիսին, Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ յայտնաբերեց դիակը պաղեստինցի պատանիի մը, որ հազիւ քանի մը ժամ առաջ առեւանգուած էր:
Ականատեսներ տեսած էին, որ 17-ամեայ Մոհամետ Ապու Խտէյրը բռնի ինքնաշարժին մէջ կը դնեն: Քանի մը ժամ ետք անոր մասամբ հրկիզուած դիակը յայտնաբերուեցաւ անտառի մը մէջ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը անկարող եղաւ հաստատելու սպանութեան դրդապատճառը, սակայն պաղեստինեան աղբիւրներ ըսին, որ կը թուի, թէ իսրայէլացի պատանիներու սպանութեան վրէժը լուծելու համար կատարուած է անիկա:
Երեքշաբթի գիշեր տասնեակներով իսրայէլացիներ Երուսաղէմի մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին ընդդէմ երեք իսրայէլացի պատանիներու սպանութեան: Ցուցարարները «մահ արաբներուն» բացագանչեցին:
Հետագային պատանիին տան մօտ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Ցուցարարները քարեր նետեցին, իսկ ոստիկանները արցունքաբեր կազ օգտագործեցին, ինչպէս նաեւ ձայնային ռումբ եւ ձգախեժէ փամփուշտներ արձակեցին:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ ինք պահանջած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «առեւանգումն ու ոճիրը դատապարտէ, ճիշդ ինչպէս մենք դատապարտեցինք երեք իսրայէլացիներուն առեւանգումը»: Ան իսրայէլեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց «(վրէժխնդրական) յարձակումները դադրեցնելու համար գետնին վրայ շօշափելի քայլերու դիմելու»: Կարճ ատեն ետք Նեթանիահու դատապարտեց «քստմնելի ոճիրը»:
Նշենք, որ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Խալետ Մաշաալ յայտնեց, որ «Շարժումը Այսրյորդանանի Գալիլիա շրջանին մէջ իսրայէլացի երեք բնակեցուածներուն սպանութեան հետ կապ չունի»` աւելցնելով. «Շարժումը առնչուած չէ կացութեան մագլցումին եւ կառչած կը մնայ հանդարտեցման համաձայնութեան»:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Մաշաալ Թուրքիոյ ղեկավարութենէն խնդրած է միջամտել` կանխարգիլելու համար Կազայի դէմ իսրայէլեան հաւանական որեւէ յարձակում:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարուածել Կազան, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն դէմ տասնեակներով հրթիռներ արձակեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.