2014-07-03 11:02:41

Գիւտ Նշխարացի տօնը։


Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին
Շաբաթ 5 Յուլիս 2014-ին, Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն` Սրբոյ Հօրն մերոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Նշխարաց Գիւտի Տօնն է:
Հայ Եկեղեցին Դ. դարէն սկսեալ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը կը տօնախմբէ տարին երեք անգամ. անոր Խոր Վիրապ Մուտքի, անոր Խոր Վիրապէն Ելքի և անոր Նշխարաց գիւտի առիթներով: Պատմական յիշատակութիւններու համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայարապետ իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է առանձնութեան մէջ, առանց բոլորովին լքելու իր առաքելական պաշտօնը: Ծերունի Հայրապետը չհեռացաւ իր ճգնարանէն՝ Մանեայ այրէն, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ. Իր չարչարանաց վայրը: Այս խաղաղ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ հովիւներ իրենց հօտերով, Հայաստան աշխարհի Լուսաւորիչը աւանդեց իր հոգին: Ո՛չ ոք գիտցաւ իր մահը, միայն հովիւներ, պատահմամբ մտնելով իր քարայրը, գտան զայն իր յաւիտենական հանգստին մէջ: Ծածկեցին անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ, և հեռացան: Երկար լռութենէ մը վերջ՝ հետաքրքրութիւն արթնցաւ մասնաւորապէս իր աշակերտներուն մէջ, որոնք տեղեակ էին Լուսաւորչի առանձնարաններուն: Իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ, հարցուփորձեց հովիւները, և ի վերջոյ տեղեկեցաւ անոնցմէ տխուր իրողութիւնը: Փութաց Մանեաց այրը, վար առաւ քարակոյտը, դուրս բերաւ Հայրապետին մարմինը և տարաւ հանգչեցուց Հայոց Մեծ Լուսաւորիչը Թորդան գիւղին մէջ՝ յուզիչ անշքութեամբ և լռութեամբ: Այս դէպքը տեղի ունեցաւ իր մահուան իսկ տարին 326-ին:
Անշուք թաղումը սակայն, անշուք չթողուց իր յիշատակը: Հայաստանեայց Եկեղեցին Նշխարաց Գիւտի այս տօնը կը կատարէ մեծահանդէս, ասկէ անկախ, տարին երկու անգամ եւս կը պատուէ անոր յիշատակը՝ Մուտն ի Վիրապ և Ելն ի Վիրապէն տօնակատարելով:

Ս. Հայրապետին Նշխարներէն մասնաւորապէս Ս. Աջը մեծ խնամքով կը պահուի Ս. Էջմիածնի մէջ: Ամենայն Հայոց Հայրապետը անով է որ կը կատարէ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.