2014-07-03 11:36:49

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


Այս բոլոր ըսուածներէն ետք, կարելի չէ փակել ընտանեկան բոլոր հարցերն ու վտանգները, որ կը սպառնան ընտանիքին։ Մեր դիմաց ունինք.
Ամուսնալուծումը (Ապահարզանը)
Նախորդ էջերուն մէջ նշած էինք ապահարզանի (ամուսնալուծումի) մասին, որպէս անհաւատարմութենէ յառաջ եկած արդիւնք մը։ Սակայն իրականութեան մէջ ամուսնալուծումին դիմողները միայն վերոյիշեալ ախտին համար չէ, որ կ՛ամուսնալուծուին, այլ յաճախ ամուսնալուծւողները եսասիրութենէ տառապող անձեր են։ Անոնք, բացի հաղոր­ դակցութեան միջոցներու զոհ ըլլալը, զոհ են նաեւ պետութիւններու եւ անոնց կառավարու­ թիւններու ընտանիքի հանդէպ ունեցած անհոգոթեան, որ ծանրապէս կ՛ազդէ ընտանիքի կայունութեան, եւ կը խախտէ, նոյնիսկ հաւատացեալ զոյգերու, որոնք կամովին կապած են իրենց կեանքը ամուսնական անքակտելի Ս. խորհուրդով։
Ամուսնալուծումը արդիւնքն է նաեւ անոնց, ովքեր կը փնտռեն իրենց քմահաճոյքը, կամքը, ցանկութիւնը եւ ոչ անձնուիրումը, զոհողութիւնը կամ սէրը իրենց ընտանիքին՝ ամուսինին եւ զաւակներուն։ Անոնք մտահոգուած չեն ամուսնալուծումէն ետք պատահելիք աւերներուն, մանաւանդ զաւակներու կեանքին մէջ եւ անոնց հոգեբանութեան վրայ կրելիք դժբախտութիւն ներուն։ Եկեղեցին սակայն ի հեճուկս, կարգ մը երկիրներու մէջ եւ մանաւանդ մեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացած եւ շատցած ամուսնալուծումը, կը նկատէ ընկերային “ցաւալի վէրք” մը (cf. Gaudium et spes, n. 47), որուն համար յատուկ կերպով կը շարունակէ իր Մայրական հոգածութիւնը անոնց հանդէպ, կը մօտենալ, կը սիրէ եւ կ՛օգնէ։ Ամուսնալուծումը մարդկութեան ցաւ մըն է, մանաւանդ անոնց որ կը տեսնեն ձախողութիւնը իրենց ամուսնական վսեմ երազներուն։ Եկեղեցին զգայուն է իր զաւակներուն հանդէպ, հետամուտ Ս. Պօղոսի խօսքին. “Խնդացէք անոնց հետ, որ կը խնդան, լացէք անոնց հետ, որ կու լան” (Պօղ. Հռոմ.12,15):







All the contents on this site are copyrighted ©.