2014-07-02 12:00:19

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը հակամարդ ականներու 3-րդ համաժողովի մասնակցողներուն։


23-27 յունիս 2014, Մոզամպիքի մէջ տեղի ունեցաւ հակամարդ ականներու դաշնագրի վերատեսութեան 3-րդ համաժողովը։ Այս առթիւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտինալ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, պատգամ մը ուղղեց ժողովի նախագահին, ընդգծելով որ զէնքի գործածութիւնը բոլորին համար պարտութիւն մըն է։
Պատգամին մէջ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կը դրսեւորէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գոհունակութիւնը գումարուած այս 3-րդ համաժողովին համար, որուն նպատակն է ''վերատեսել հակամարդ ականներու արտադրութեան, մթերանոցի ու գործածութեան դաշնագիրին վերատեսութիւնը''։
Կարտինալ Փարոլին իր պատգամին մէջ մասնաւորապէս իր զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ հակամարդ ականներու զոհերուն ու անոնց պարագաներուն, ընդգծելով որ ''անոնց ցաւը մեզի կը յիշեցնէ որ զէնքը ընդհանրապէս եւ ականները մասնաւորապէս կը ներկայացնեն համայն մարդոց պարտութիւնը։ Այս առթիւ կը յուսանք որ այս 3-րդ համաժողովի մասնակցողները քաջութիւնը ունենան պատշաճ վճիռներ որդեգրելու եւ յոյսով դիտելու ապագան։ Ներկայիս բազմաթիւ անհատներ, համայնքներ, մարզեր ու երկիրներ կը շարունակեն ամէն օր վախով ապրիլ` հակամարդ ականներու հետեւանքով։ Զիրենք շրջապատող բռնութիւնը սպառնալիք մը դարձած է փոխանակ ըլլալու աղբիւր բեղմնաւորութեան, բարգաւաճումի եւ ապրելու ուրախութեան։
Տիար նախագահ, կը գրէ Կարտինալ Փարոլին - ամէն անհատ հետամուտ է խաղաղութեան, որ հակառակ է վախի։ Հակամարդ ականները սարսափ կը պատճառեն քանի անոնք շարունակութիւնն են պատերազմի։ Խաղաղութիւնը ապրելու ուրախութիւնը, օրէ օր յոյս կը ներշնչէ, եղբայրութեան կապ կը ստեղծէ, ուր բոլորին շահը կարելի է գտնել բաժանումի, ատելութեան ու անտարբերութեան մերժումով։ Ճշմարիտ հարստութիւնը չի կայանար դրամի կամ զէնքի մէջ։ Ճշմարիտ երջանկութիւնը սիրոյ, զօրակցութեան ու վեհանձնութեան մէջ է։ Մենք իրապէս հետամու՞տ ենք անվտանգութեան, կայունութեան ու խաղաղութեան։ Եթէ այո` ուրեմն վերածենք զէնքերու ամբարումը, արգիլենք անպէտ զէնքերը ու ներդրում կատարենք դաստիարակութեան, առողջապահութեան ու բնապահպանութեան ի սպաս։Մեր բաղձանքն է որ ձեր ժողովին արդիւնքը ըլլայ ապազինումը։
Առիթ տանք հաշտութեան ու գործենք հասարակաց բարիքին համար։ Յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, - գրեց Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը իր պատգամի աւարտին - , կ'ուզեմ իմ շնորհաւորութիւններս յայտնել ժողովականներուն ու Մոզամպիքին ձեր տածած յանձնառումին` հակամարդ ականներու նոր դաշնագիրին շարադրութեան ի սպաս։
Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր մասնակցողներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.