2014-07-02 10:13:48

«Ռուսիան չէ գործադրած Ուքրանիոյ հարցով Եւրոպական Միութեան պահանջները» կ՛ըսէ Պիլտթ


«Քորեսփոնտընթ » կը հաղորդէ, որ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը Քարլ Պիլտթ, երկուշաբթի, 1 յուլիսին, յայտնած է, որ Ռուսիան չէ կատարած Ուքրանիոյ նկատմամբ Եւրոպական Միութեան պահանջները:
«Դուրս կու գամ Թիֆլիսէն: Կ՛երթամ Քիեւ բանակցութիւններու համար: Ողբերգական օր այն բանէն ետք, երբ Ռուսիան չկատարեց Եւրոպական Միութեան պահանջները եւ ընդհատեց կրակոցի դադրեցման դրութիւնը», գրած է Պիլտթ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
«Եւրոպական Միութեան պահանջները յստակ եղած են. ուքրանական իշխանութիւններուն պէտք է վերադարձուին անջատողականներու կողմէ գրաւուած երեք սահմանային անցքերը», յայտնած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը:
Ըստ Պիլտթի, ան նախապէս կապ հաստատած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքինի հետ, դիւանագէտները համաձայնած են 1 յուլիսին հանդիպելու Քիեւի մէջ:
27 յունիսին, Եւրոպական խորհուրդը իր նիստի ընթացքին հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, ակնկալած է, որ 30 յունիսին Տոնպասի մէջ ազատ արձակուին բոլոր գերիները: Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհուրդը ակնկալած է, որ մինչեւ 30 յունիսին համաձայնութիւն ձեռք բերուի հրացանաձգութեան դադրեցման ու սահմանին արդիւնաւէտ վերահսկողութեան ապահովման, ուքրանական իշխանութիւններուն երեք սահմանային անցքերը յանձնելու եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի խաղաղութեան ծրագիրի գործադրութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.