Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան շնորհաւորական
ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Սիսիին եւ Ազհարի շէյխ Ահմատ Թայյէպին, Ռամատանի
առիթով: Նամակին մէջ գերապայծառ տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Եգիպտոսի պետութեան
եւ ժողովուրդին, աղօթելով որ այս օրհնեալ ամիսը բարեբեր եւ խաղաղ ըլլայ բոլոր իսլամ հաւատացեալներուն
համար: