2014-07-01 11:12:30

Նիճերիոյ եպիսկոպոսներու աղօթքի ձեռնարկը երկրին խաղաղութեան համար


Նիճերիոյ Եպիսկոպոսները առաջարկած են, յուլիսէն -դեկտեմբեր 2014, երկարող ամիսներուն ընթացքին , աղօթքի ձեռնարկ մը՝ երկրին խաղաղութեան համար, որ վերջերս թիրախ դարձած է Պոքօ Հարամի կողմէ իրագործուած բռնութիւններուն։
Նիճերիոյ եպիսկոսպոսները առաջադրած են իւրաքանչիւր ամսուայ համար աղօթքի հետեւեալ դիտաւորութիւնները., յուլիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն Նիճերիոյ մէջ արեւանգուած անձերուն ազատագարումը. Օգոստոս սմիդր նուիրել բոլոր անոնց, որոնք բռնութիւններու պատճառաւ կը տառապին, Սեպտեմբեր ամիսը` Նիճերիոյ ապահահովական ուժերուն համար, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին կամ վիրաւորուած վիճակի մէջ կը գտնուին՝ երկիրը պաշտպանելու համար, հոկետեմբեր ամսոյն աղօթել՝ երկրին միութեան, խաղաղութեան եւ բարի կառավարութեան կազմաւորման համար։Նոյեմբեր ամիսը՝ որպէսզի արմատախիլ ըլլայ կաշառակերութիւնը եւ զարգանայ արդարութիւինր։ Իսկ դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուի՝ ընտանիքի արժանիքներու զարգացումին եւ մարդու կեանքի ու ընտանիքի պաշտպանութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.