2014-07-01 09:30:43

Հաւատքին կարեւորութիւնը


RealAudioMP3 Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ անոնց. Ըսի ձեզի, սակայն դուք չէք հաւատար: Գործերը, զորս կը կատարեմ Հօրս անունով, անոնք կը կը վկայեն ինծի. Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներս չէք: Իմ ոչխարներս կ'ունկնդրեն իմ ձայնս, ես կը ճանչնամ զանոնք, անոնք կը հետեւին ինծի: Ես կու տամ անոնց կեանքն յաւիտենական, եւ անոնք պիտի չկորսուին եւ ոչ ոք պիտի յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս (Յովհ 10, 25-28)
Այս օրերուս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեծ դեր կը խաղայ քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Ամէն օր կը լսենք նորանոր հաւատացեալներ որոնք կ'ընդգրկեն քրիստոնէութիւնը, ուրիշներ աւելի կը կառչին իրենց հաւատքին: Ատոր համար, այսօրուայ եկեղեցւոյ համար հաւատքը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ իր աւետարանացման շարժումին մէջ:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր քրիստոնէականին մէջ կ'ըսուի. Հաւատքը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, գերբնական առաքինութիւն մըն է, զոր ինք կը զեղու մեր մէջ: Մարդը այս հաւատքը դաւանելու համար կարիքն ունի Աստուծոյ կանխահաճ եւ օժանդակ շնորհքին, ինչպէս նաեւ ներգին օգնութիւններուն Սուրբ Հոգիին: Ան կը մղէ մարդուն սիրտը եւ կը դարձնէ զայն դէպի Աստուած, կը բանայ մտքին աչքերը եւ ‘ճշմարտութեան հաւանելու եւ հաւատալու քաղցրութիւնը կու տայ բոլորին:
Յիսուսի շուրջ շատեր եկած էին իր խօսքերը լսելու եւ իր խրատները մտիկ ընելու: Շատերուն համար, առաջին հանդիպում մըն էր. անոնք եկած էին հետաքրքրուելու եթէ իսկապէս ինքն է նոր Մէսիան, որմէ հրաշքներ կը սպասուէր:
Այս հարցումէն արդէն Յիսուս գիտցած էր իրենց կեցուածքը եւ մանաւանդ իրենց անհաւատութեան վիճակը: Անոնք չէին փափաքիր հաւատալու որովհետեւ Յիսուս շատերու եւ շատ մը տեղեր յստակօրէն կը քարոզէր նոր հաւատքին մասին, եւ մանաւանդ շատ մը հետքեր եւ նշաններ ձգած էր որոնց մէջ ոչ մէկ կասկած կը ձգէր իր տէրութեան եւ փրկչագործութեան, ինչպէս կաղերը որ կը քալէին, կոյրերը որոնք կը տեսնէին եւ մէռելները որոնք յարութիւն կ'առնէին, բայց, հակառակ այս բաներուն, չհաւատացին որովհետեւ պատրաստութիւնը չունէին հաւատալու:
Յիսուս այն բռնակալը չէ որ ուժով կը պարտադրէ մէզի իրեն հաւատալու, այլ մեզի յստակօրէն կը յայտնուի եւ կը խօսի, մեզ ալ ազատ ձգելով հաւատալով եւ կամ չհաւատալու. Ես եւ Իմ Հայրս մէկ ենք ասկէ աւելի յստակ ձեւով չէր կրնար ներկայացնել մեզի: Ինքը Աստուծմէ ղրկուած Յիսուսն է, նոյնինքն, որ աշխարհ կու գայ... արդեօք կը հաւատամ կամ չեմ հաւատար իրեն...
Անոնց որոնք հաւատքի խոստում ըրած էին աւելի լուսաւոր կը դառնայ իրենց առջեւ հաւատքը որովհետեւ անոնք աւելի ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէին Յիսուսի ձայնը, եւ մանաւանդ Բարի Հովիւին ձայնը եւ զայն կը ճանչնան, որովհետեւ Յիսուսը անոնց համար խորհրդաւոր անձ մը չէ, այլ բարեկամ մը եւ առաջնորդ մը որ եկած է փրկելու մարդս եւ զինք դարձնելու իր հօտին անդամ մը: Ատոր համար պայման է որ հաւատքի ներգործութիւն մը ընենք որ պիտի ըլլայ մեկնումի կերպով մը քալելու այն նոր մեծ ճամբուն վրայ որ զիս կը տանի յաւիտենական կեանք:
Կը հաւատամ քեզի, ո՜վ Տէր, Աստուծոյ Որդին որ ինծի համար խաչին վրայ մեռար: Կը հաւատամ որ ներկայ ես իմ կեանքիս մէջ որպէս բարի Հովիւ, որ իր ոչխարները կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ: Դուն իսկական առաջնորդն ես որ մեզի ճշմարտութիւնը կը ցուցնես: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.