Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր վերահսկողութեան
տակ գտնուող տարածքին մէջ Իսլամական խալիֆայութեան պետութեան հաստատումը յայտարարեց եւ
իր ղեկավարը` Ապու Պաքր Պաղտատին հռչակեց իսլամներուն առաջին խալիֆան: ՏԱՀԵՇ նաեւ
յայտարարեց, որ այսուհետեւ ինքնակոչ պետութեան անունէն «Իրաք եւ Շամ»-ը կը ջնջուի եւ
պետութիւնը կը կոչուի Իսլամական խալիֆայութեան պետութիւն: