2014-06-30 08:59:50

Պրազիլի մէջ դարձեալ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան դէմ բողոքի ցոյց


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ պրազիլական ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս արցունքաբեր կազ օգտագործած է ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք հաւաքուած էին «Մարաքանա» մարզադաշտին մօտ, մինչ տեղի կ՛ունենար Քոլոմպիա-Ուրուկուէյ մրցումը:
350 ցուցարարներ ցրուելու համար 250 ոստիկան աշխատած է: Ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ օգտագործուած է, իսկ ցոյցը ցրուելու ընթացքին քանի մը մարդիկ ձերբակալուած են:
Ցուցարարները դէմ են ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան Պրազիլի մէջ հիւրընկալումին` մատնանշելով գոյութիւն ունեցող այն տնտեսական դժուարութիւնները, զորս կը դիմագրաւէ երկիրը:
Ասիկա արդէն երրորդ մեծ տարողութեամբ ցոյցն է, որ տեղի կ՛ունենայ «Մարաքանա»-ի դիմաց:
16 յունիսին ոստիկանութիւնը «Մարաքանա» մարզադաշտին մօտ հաւաքուած ցուցարարները ցրուած էր Արժանթին-Պոսնիա մրցումին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.