2014-06-30 09:03:35

Եազիժի Պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային անտարբերութիւնը։


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պալամանտ վանքին մէջ գումարուած անտիոքեան խորհրդաժողովին եզրափակիչ նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ անոնց պարտականութիւնները:
Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու երաշխիքն է` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը կը խոչընդոտէ քաղաքացիին ծառայութեան համար գործող հաստատութիւնները:
Եազիժի պատրիարք խստիւ դատապարտեց Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային անտարբերութիւնը եւ այս հարցին մասին անոնց ցուցաբերած լռութիւնը ամօթի կնիք մը նկատեց մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններուն ճակատին:








All the contents on this site are copyrighted ©.