2014-06-30 08:44:42

Անգարա կը քննադատէ Քրիստոնեաներու կալուածներուն վերաբերեալ ներկայացուցիչներու Տան յանձնախումբին որդեգրած «հակաթուրք» բանաձեւը։


Թուրքիա բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբին որդեգրած այն բանաձեւը, որ երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ եւ բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ քրիստոնեաներէն գրաւուած կալուածներու վերադարձին հետեւելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մինչ իր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները բարելաւելու համար Թուրքիոյ որդեգրած յստակ ու շօշափելի քայլերը, ներառեալ` ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց համար, ակներեւ է, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք շրջանակներու կողմէ ներքին քաղաքական նկատառումներէ մղուած այսպիսի ոչ կառուցողական եւ անհիմն նախաձեռնութիւններ յառաջ մղելու փորձերը անընդունելի են»:
Հաղորդագրութիւնը բանաձեւը «Թուրքիոյ համար անվաւեր» կը նկատէ եւ կը շեշտէ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անյարիր են երկու աւանդական դաշնակիցներուն միջեւ գործընկերութեան եւ դաշինքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.