2014-06-30 09:37:02

2014-ի Յուլիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2014-ի Յուլիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մազանքը ըլլայ միշտ` եղբայրութեան եւ մարդկային զարգացումի առիթ''։
Իսկ որպէս ''աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` '' Որպէսզի Սուրբ Հոգին նեցուկ կանգնի` աղքատ երկիրներու մէջ, Աւետարանը քարոզող աշխարհականներու գործունէութեան''։







All the contents on this site are copyrighted ©.