2014-06-29 12:09:53

Կոչ Իրագի մէջ երկխօսութեան հաստատումին ի խնդիր։


Կիրակի 29 Յունիս 2014-ին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց Իրագի մէջ երկխօսութեան հաստատումին ի խնդիր։
''Իրագէն հասած լուրերը, դժբախտաբար շատ ցաւալի են – ըսաւ Ան – Կը միանամ Երկրին եպիսկոպոսներու կոչին որպէսզի կառավարիչները, երկխօսութեան ճանապարհով, պահպանեն ազգային միութիւն եւ խուսափին պատերազմէն։ Մօտիկ եմ հազարաւոր ընտանիքներուն, յատկապէս քրիստոնեաներուն, որոնք ստիպուեցան իրենց օճախներէն հեռանալ ու վտանգի մէջ կ՛ապրին։ ''Բռնութիւնը` բռնութիւն կը յառաջացնէ, եւ երկխօսութիւնը խաղաղութեան միակ ճանապարն է'' – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր կոչի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.