2014-06-29 09:18:15

Ի՞նչ է Պալիումը կամ Եմիփերոնը։


Պալիումը եկեղեցական հաղորդութեան եւ միութեան խորհրդանիշ է։ Պալիումի տուչութեան աւանդութիւնը հաւանաբար առնուած է կայսերական շրջանի աւանդութենէ մը։ Չորրորդ դարէն արդէն հետքեր կան Պալիումի գործածութեան սովորութեան մասին։ Գրիգոր Է. Քահանայապետի օրով ալ , շուրջ 1000 տարիներ առաջ, արդէն պալիումը կը տրուէր նորնտիր Մետրոպոլիտներուն, եպիսկոպոսներու ընտրութիւններու վրայ հսկելու նպատակով։ 70-ական թուականներուն երջանկայիշատակ Պօղոս Զ . քահանայապետին օրով է որ Պալիումի յանձնումի սովորութիւնն ու արարողութիւնը ունեցաւ իր վերջնական ձեւը, եւ որոշուեցաւ զայն յանձնել սուրբ Պետրոս ու Պօղոս Առաքելապետերու տօնին օրը , նշելու՝ յատկապէս կապը ու սերտ միութիւնը եպիկոպոսներու ու Սուրբ Աթոռի միջեւ։

Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի. անոնք կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։

Պալիումի գործածութիւնը սկսած է Ե. դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ պատճառած վէրքերը։ Պալիում որ ինչպէս ըսինք հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ կը տրուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.