Սփիւռքի ներկայացուցիչներու համահայկական 5րդ համաժողովը պիտի գումարուի 19-21 սեպտեմբեր
2014-ին։
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 27
Յունիսին տեղի ունեցած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Օրակարգի վրայ եղած են
Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու
համահայկական չորրորդ համաժողովին տրուած առաջադրանքներու իրականացման վերաբերեալ հաշուետուութիւնը,
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ
հարցեր: Նախարարի խորհրդական Ս. Պետրոսեան նշած է, որ 2011ին կայացած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու
ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին յատուկ կերպով
առանձնացուած են 64 ամփոփ առաջարկներ, որոնց իրականացումը եղած է ուղենշային ՀայաստանՍփիւռք
գործակցութեան տարբեր ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման ատեն։ Այդ աշխատանքները իրականացուած
են համահայկական եւ համայնքային կառոյցներուն հետ համադրաբար: Աշխատանքներու իրականացման
մասնակցած են Հայաստանի պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները: Վերջին 3
տարիներուն Սփիւռքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան նպատակով կատարուած են աւելի քան
15 հետազօտութիւն, հրատարակուած է շուրջ 50 գիրք, որոնց կարգին՝ «Հայկական Սփիւռք» տարեգիրքերու
երեք հատոր: Կազմակերպուած է 10 գիտաժողով՝ նուիրուած հայկական Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն,
Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման, երիտասարդական հիմնախնդիրներուն: Կազմակերպուած
է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի գործունէութիւնը, գործադրուած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու
համարկման երկու ծրագիր: Կազմակերպուած են «Սփիւռքի համայնքային օրերը Հայաստանում»
2 ծրագիր, «Իմ Հայաստան» եւ «Կոմիտաս» փառատօնները, սփիւռքահայ անհատներու մեծարման երեկոներ:
Պատրաստուած են արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքեր, սփիւռքի կրթօճախներուն նկատմամբ
ցուցաբերուած է մեթոտական, նիւթական աջակցութիւն, կազմակերպուած են ուսուցիչներու վերապատրաստութեան
ծրա-գիրներ, տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ ուսումնական գրականութիւն։ Ռուսիոյ հայերու
միութեան եւ Համաշխարհային քոնկրեսի հետ կազմակերպուած են 8 անուանակարգով մրցանակաբաշխութիւններ:
Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է Սփիւռքի մէջ 60 նոր միօրեայ դպրոցներու բացման: Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակին ընդառաջ իրականացուած աշխատանքները ամփոփուած են վերջերս կայացած համաժողովին
ընթացքին: Իրականացուող աշխատանքներուն մէկ մասը կը կրէ շարունակական բնոյթ: Զեկուցողը
նշած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական
հինգերորդ «Յարափոփոխ աշխարհի հայկական իրականութիւնը» խորագիրով համաժողովը պիտի կազմակերպուի
19-21 Սեպտեմբեր 2014ին: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու
ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին ներկայացուած առաջարկները
պէտք է խմբաւորել եւ ճշդել աշխատանքային ուղղութիւնը, որուն համար պէտք է կազմել աշխատանքային
խումբ, պատրաստել քննարկուող խնդիրներու թղթածրար եւ զայն բաժնել Սփիւռքի գաղութներուն: Նախարարութեան
աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է քարտուղարութեան պետ Ա.
Էլչիբեկեանը՝ նշելով, որ կառավարութեան կողմէ տրուած յանձնարարականները նախարարութիւնը
կատարած է ժամանակին եւ ամբողջութեամբ: Ամփոփելով նիստը՝ նախարար Յակոբեան նշած է,
որ պէտք է աշխուժացնել համայնքներուն հետ աշխատանքը, փորձել կապ հաստատել նորաստեղծ,
չէզոք գաղութներուն հետ եւ ծանօթանալ անոնց հարցերուն։