2014-06-28 08:51:52

Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են աջակցելու Իրաքի նոր կառավարութեան։


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու Իրաքի նոր կառավարութեան, որ պէտք է ձեւաւորուի երկրի բնակչութեան հիմնական կրօնական եւ ազգային խումբերուն` շիիներու, սիւննիներու եւ քիւրտերու մասնակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ արաբական երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները այդ մասին վստահեցուցած են հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ամերիկացի ներկայացուցիչներէն մէկը ըսած է, որ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները «խորապէս անհանգստացած են ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ աճող սպառնալիքներուն առնչութեամբ»:
Քերրին ու անոր գործընկերները համաձայնած են, որ այդ խմբաւորումը սպառնալիք է ամբողջ շրջանին համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ հանդիպումին մասնակիցները նաեւ քննարկած են սուրիական ընդդիմութեան օգնութիւն յատկացնելու հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.