2014-06-28 09:21:39

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետական հաստատութիւնը կ'առաջարկէ նոր մասնագիտական բաժին մը յատկացնել ''ընտանիքի խորհրդատուներուն''։


Ամուսնութեան եւ ընտանիքի ուսմանց ''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետական հաստատութիւնը'' յառաջիկայ 2014-2015 տարեշրջանին նոր մասնագիտական բաժին մը կը բանայ լատերանեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, յատկացուած` ''ընտանիքի խորհրդատուներուն''։
Սոյն մասնագիտական բաժինը կը նպատակադրէ բարւոգել ու մասնագէտ դարձնել ընտանեկան խորհրդատուները։ Դասընթացքը` երկու տարուայ տեւուղութիւն պիտի ունենայ եւ ուղղուած է` եկեղեցական եւ աշխարհական մասնագէտներուն որոնք կ'աշխատին ընտանիքին համար որպէս կրթիչ, մանկավարժ, հոգեբան, ընկերային հարցերու պատասխանատու, փաստաբան եւ բժիշկ։
Դասընթացքը կը ներփակէ զանազան մարզեր հայող` ամուսնութեան ու ընտանիքի կենսաբարոյականութեան, ընտանիքի հովուութեան ու ամուսնական սեռականութեան։
Յայտնենք թէ ''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետական հաստատութիւնը'' ստեղուած է 1981-ին ''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ։ Ունի որպէս կոչում` Եկեղեցւոյ մէջ զարգացնել իմաստասիրական, աստուածաբանական եւ հովուական խորհրդածութիւնը` անհատի, ամուսնութեան եւ ընտանիքի ճշմարտութեան մասին։ 2007-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իւրացուց այդ նախաձեռնութիւնը հաստատելով` ''վասն ամուսնութեան եւ ընտանիքի'' հիմնադրամը, օգնութեան հասելու ''Ամուսնութեան եւ ընտանիքի ուսմանց ''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետական հաստատութեան''։
Հաստատութեան կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի մէջ, սակայն անիկա այլ վեց կեդրոններ ունի Իտալիայէն դուրս. ԱՄՆի, Մեքսիքոյի, Սպանիայի, Պրազիլի, Պենանի եւ Հնդկաստանի մէջ։ Նոյնպէս ներկայ է Աւստրալիա, Հարաւային Քուրէա, Լիբանան եւ Փիլիպեան կղզեխումբին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.