1 Այդ ատեն Յիսուս`
Շաբաթ օր մը` գնաց արտերու մէջէն. իր աշակերտները` անօթենալով` սկսան [ցորենի] հասկեր
փրցնել եւ ուտել: 2 Երբ Փարիսեցիները տեսան` ըսին անոր. “Ահա՛ քու աշակերտներդ կը
գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ գործել Շաբաթ օրը”: 3 Ան ալ ըսաւ անոնց. “Չէ՞ք կարդացեր
Դաւիթի ըրածը, երբ ինք եւ իրեն հետ եղողները անօթեցան. 4 մտաւ Աստուծոյ տունը, ու
կերաւ առաջադրութեան հացերը, որ ո՛չ իրեն արտօնուած էր ուտել, ո՛չ ալ իրեն հետ եղողներուն,
բայց միայն քահանաներուն: 5 Կամ թէ Օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր թէ քահանաները կը սրբապղծեն
Շաբաթը տաճարին մէջ` Շաբաթ օրերը, եւ անպարտ են: 6 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ այստեղ
տաճարէ՛ն աւելի մեծ [մէկը] կայ: 7 Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ [ըսել] է. “Կարեկցութի՛ւն
կ'ուզեմ, ու ո՛չ թէ զոհ”, [այն ատեն] չէիք դատապարտեր անպարտները. 8 որովհետեւ մարդու
Որդին տէրն է *Շաբաթին”: