2014-06-28 11:51:49

Կաթողիկէ եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու աւանդական փոխադարձ այցելութիւնները


Կաթողիկէ եւ Կ. Պոլսոյ Յոյն ուղղափառ տիեզերական եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու փոխադարձ ացելութիւններու ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ` 29 յունիսին, Հռոմ ժամանած են Կ.Պ Տիեզերական ուղղախառ եկեղեցւոյ պատուրիակութիւն մը` առաջնորդութեամբ Մետրոպոլիտ Փէրկամօն Իօննէս՝ Կաթողիկէ եւ ուղղախառ եկեղեցիներու Աստուածաբանկան երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի համանախագահը եւ ընկերակցութեամբ` Թէլիմսոս Ժոպ Արքեպիսկոպոսի եւ Պատրիարքական Աւագ Սարկաւագ՝ Ժոհն Քրիսսայկիսի։
Շաբաթ 28 յունիսին, Կ.Պոլսոյ տիեզետական Եկեղեցւոյ պատուրիակութինը կը հանդիպի Ֆրաչնիսկոս Պապին, ապա կը տեսակցին քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խոհուրդին հետ իսկ` կիրակի, 29 յունիսին, անոնք կը մանսակցին Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան։
Յայտնենք թէ Վատիկանի եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան միջեւ պաշտօնական այցելութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է 1969 թուականին` այդ ժամանակուայ Քրիստոնեաներու Միութեան խորհուրդի քարտուղար` Կարտինալ Եոհաննէս Ուիլլպրանտսի` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ, Պոլիս կատարած այցելութեամբ ։
Այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, մինչ Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Սուրբ Անդրէասի տօնին օրը Պոլիս կը մեկնի, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։ Պատուիրակութեան անդամները հուսկ 29 յունիսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Սրբազան Տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ մատուցուած արարողութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.