2014-06-28 09:06:53

Թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ճեմելլի բազմաբուժարան կատարելիք այցելութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։


Ուրբաթ 27 յունիսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յայտագիրը կը նախատեսէր` Ճեմելլի բազմաբուժարանին այցելութիւն, բժշկական մասնճիւղի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Վերջին վայրկեանին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղոդագրութիւնը, տեղեկացուց թէ այցելութիւնը չեղեալ նկատուած է, Նորին Սրբութեան թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ։ Այս առթիւ նախատեսուած Սուրբ պատարագի զոհը գլխաւորեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անճելօ Սքոլան որ նաեւ կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատրաստած քարոզը որուն մէջ Ան մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը շեշտը դնելով Աստուծոյ նախախնամական սիրոյ եւ հաւատարմութեան վրայ հանդէպ` իր ժողովուրդին։ Ան իր Միածին Որդին զոհեց` մեր փրկութեան համար։ Յիսուս միշտ հաւատարիմ է եւ չի դաւաճաներ զմեզ, նոյնիսկ երբ սխալինք։ Ան մեզ կը սպասէ, մեզ ներելու համար. Ան` Աստուծոյ ողորմած դիմագիծն է '', գրած էր Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ որուն աւարտին հարց տուած էր` թէ ''մեր մերձաւորին հանդէպ ի՞նչպիսի սէր ունինք'' եւ եթէ ''գիտե՞նք հաւատարիմ ըլլալ'' ։ Ամէն մէկը իր սրտին մէջ թող այս հարցումին պատասխանը գտնէ, գրած էր միշտ Սրբազան Հայրը, ու Տիրոջմէ հայցած որ ''մեր սիրտը դարձնէ նման իր սրտին, լի սիրով եւ հաւատարմութեամբ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.