2014-06-27 10:28:49

Սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային աջակցութեան ծրագիրը կը շարունակուի


Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ կը շարունակուի սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն ցուցաբերուող ընկերային աջակցութիւնը:
Աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեանի հերթական այցելութիւնը այս անգամ Աջափնեակ վարչական շրջանի Առաքելեան փողոցի հ. 40 տան մէջ վարձակալութեամբ բնակող ամուսիններ Յակոբ Պէրպէրեանի եւ Սոնիա Տապաղեանի չորս անձէ բաղկացած ընտանիքիի տունն էր, որ վերջերս հիւրընկալած է նաեւ Սուրիայէն ներգաղթած իրենց բարեկամուհին՝ անչափահաս երկու երեխաներու հետ միասին:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, թէ ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետը տանտիկնոջ հետ քննարկած է զիրենք յուզող խնդիրները: Ընդգծելով, որ սուրիահայերը եւ անոնց խնդիրները Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի մշտական ուշադրութեան կեդրոնինեն, Ռ. Զաքարեան նշած է, որ քաղաքապետի յանձնարարութեամբ նման այցելութիւնները շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ քաղաքապետարանը իր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս կ’ընէ հնարաւորը մեր հայրենակիցները յուզող խնդիրներուն լուծում տալու եւ անոնց ընկերային պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ:
Առ այդ քաղաքապետարանի աշխատակազմի ընկերային վարչութեան պետը այս եւ միւս սուրիահայ ընտանիքներուն առաջարկած է գործուն կապ պահպանել վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմի համապատասխան բաժիններու հետ՝ աջակցութիւնները առաւել հասցէական եւ նպատակային դարձնելու համար: Այս անգամ Պէրպէրեաններու ընտանիքին իբրեւ աջակցութիւն տրամադրուած է հագուստ, կօշկեղէն եւ դրամական օժանդակութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.