2014-06-27 09:35:42

Լոյս տեսաւ ''Ընտանիքի'' մասին Եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը։


''Ընտանիքի Աւետարանը'', ''ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները'', ''կեանքի եւ հաւատքի դաստիարակութիւնը ընտանեկան յարկէն ներս''։ Այս են Եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի դիմագրաւած գլխաւոր նիւթերը, որոնք կ'ամփոփեն ամուսնութեան եւ ընտանիքին հայող հարցարանի մը պատասխանները որ լոյս տեսած էր նոյեմբեր 2013-ին։
Թղթածրարի առաջին մասը նուիրուած է` ''ընտանիքի Աւետարանը հաղորդել այսօր'' նիւթին որ նախ եւ առաջ կ'ընդգծէ ընտանիքին աստուածաշնչական տուեալը, հիմնուած այր եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի ու նմանութեան համաձայն եւ Տիրոջ գործակից` ընդունելու եւ հաղորդելու կեանքը։
Ներկայացնելով Նազարէթ ընտանիքի տիպարը սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը կ'ընդգծէ ծնողներու կարեւորութիւնը, որպէս հաւատքի առաջին դաստիարակիչներ, մատնանշելով այր ու կին` հօր եւ մօր դերին զաւկին դաստիարակութեան ու աճումին նկատմամբ։ Ընտանիքը ճշմարիտ ''արտենի եկեղեցի'' մըն է, ընտանիքը օրէ օր կը կերտուի, ամենայն համբերութեամբ, հասկացողութեամբ ու սիրով անհատին ամբողջական բարգաւաճումին համար ու ան սերտ կապ ունենալու է ժողովրդապետութեան հետ որ է ''ընտանիքներու ընտանիքը''։
Թղթածրարի երկրորդ մասը նուիրուած է`''ընտանիքին հովուութիւնը յաչս նոր մարտահրաւէրներու'' նիւթին, որուն մէջ յիշեցնելէ ետք ամուսնութեան նախապատրաստութեան կարեւորութիւնը, ժողովրդական բարեպաշտութեան զարգացումը ընտանիքի ի սապս եւ ընտանեկան հարազատ հոգեւորութիւնը, վաւերաթուղթը կ՛ընդգծէ ընտանիքի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները. Հօր տկար ներկայութիւնը, ընտանիքի քայքայումը բաժանումի կամ ապահարզանի հետեւանքով, բռնաբարութիւնները կիներու ու մանուկներուն դէմ, թմրամոլութիւնը, ալքոլը, երկխօսութեան պակասը ընտանեկան յարկէն տակ, անգործութիւնը, արտագաղթը ... մէկ խօսքով թղթածրարը կ'ընդգծէ թէ դժուար կացութիւններու առջեւ Եկեղեցին պէտք չէ իւրացնէ դատապարտող դատաւորի մը կեցուածքը, այլ Մօր մը կեցուածքը` միշտ պատրաստ ընդունելու իր զաւակները։ Թղթածրարը կ՛ակնարկէ նաեւ ''Եկղեցականներու ապավկայութեան'' իրենց գաղյթակղեցուցիչ եւ կոչումի անհամապատասխան վարուելակերպով։
Թղթածրարի երրորդ մասը նուիրուած է ''կեանքի բացուիլ ու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւն'' նիւթին։ Վաւերաթուղթը կը թելադրէ յառաջ տանիլ մտայնութիւն մը` բաց կեանքին, շնորհիւ քաղաքացիական ու քրիստոնէական օրէնքներու ու կառոյցներու, որոնք նեցուկ կը կանգնին ծնանելիք կեանքին։ Խօսելով հաւատքի հաղորդումին մասին ընտանեկան յարկէն ներս, թղթածրարը կ'ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը ցոյց տալու զաւակներուն Աստուծոյ ճիշմարիտ դիմագիծը։
Սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը կ'եզրափակուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շարադրած աղօթքով մը, արտասանուած 29 դեկտեմբեր 2013- ին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Նազարէթի ս. Ընտանիքի տօնին առթիւ։
Նշենք որ ընտանիքի մասին արտակարգ սիւնհոդոսը պիտի գումարուի յառաջաիկայ 5-19 հոկտեմբեր` որպէս նիւթ ունենալով ''ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանացումի շրջագիծեն ներս''։ Անոր գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գնահատել ու խորացնել ընտանիքի վերաբերող հարցերը մինչ այս առընչութեամբ որդեգրուելիք քայլերը պիտի ուսումնասիրուին 2015-ին, միշտ ընտանիքի նիւթին մասին գուրմարուելիք եպիսկոպոսական սովորական սիւնհոդոսի ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.