2014-06-27 11:40:18

Թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ճեմելլի բազմաբուժարան կատարելիք այցելութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց թէ` ուրբաթ 27 յունիսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճեմելլի բազմաբուժարան կատարելիք այցելութիւնը չեղեալ նկատուած է, Նորին Սրբութեան թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ։ Նախատեսուած Սուրբ պատարագի զոհը պիտի գլխաւորէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Սքոլան որ նաեւ պիտի արտասանէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ պատրաստած քարոզը։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը Ճեմելլին պիտի այցելէր, բազմաբուժարանի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։

---------------
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ ''Ճեմելլի''ի բազմաբուժարանը։
Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Յիսուսի Ամենասուրբ սրտին տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Փիթէր Թուրքսոնը` Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Կարտինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօն` Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը եւ Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն կը կատարէ` կաթողիկէ համալսարանի ''Ճեմելլի'' բազմաբուժարանին, անոր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիկոս Պապը կը հանդիսանայ 5-րդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ բազմաբուժարանը որուն պաշտպանութիւնը յանձնուած է Յիսուսի Ամենասուրբ սրտին։

Նորին Սրբութիւնը ''Ճեմելլի'' ժամանումին հանդիպում կ՛ունենայ հիւանդներուն հետ ու ապա բազմաբուժարանի` Յոսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի համալսարանական ընտանիքի հասարակութեան հետ անոնց ուղղելով պատգամ մը։ Սրբազան Հայրը այս առթիւ ''ճեմելլի'' հիւանդանոցին կը նուիրէ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասունքները, Ան ապա բժշկական մասնաճիւղի հրապարակի տարածքին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։









All the contents on this site are copyrighted ©.