2014-06-27 10:43:50

Ընտանիքը եւ ընկերութիւնը


RealAudioMP3 Մեզմէ շատեր կ՛ըսեն, թէ մեր ընկերութիւնը գէշ է, խառնակուած է, սուտ է, կեղծ է եւ անտանելի: Շատեր կը փնտռեն Զօրաւոր Մարդը, այն մարդը, որ պիտի կարենար իր կամքը պարտադրել բոլորին վրայ անխտիր...: Այս փնտռտուքը կրնայ շարունակել եւ պիտի շարունակէ տեւականօրէն իր ընթացքն ապարդիւն:
Ընկերութեան փոփոխումը չի կրնար կատարել այդ Զօրաւոր մարդը: Ան կրնայ բռնութիւն բանեցնել երկրի մը արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը բարւոքելու համար, սակայն ընկերութիւնը, մեր ամենօրեայ շնչած եւ ապրած ընկերութիւնը ուժով չի փոխուիր: Ընկերութիւնը կ՛այլափոխուի, կը բարեփոխուի եւ կ՛երջանկացնէ մարդիկը միայն վեհ գաղափարականներու ապրումով եւ բարի կամքով հաւատացեալ ընտանիքներու:
Ընտանիքները կրնար փոխել ընկերութիւնը: Ընտանիքներուն ապրելակերպը եւ կենցաղավարութիւնը կը պարտադրեն ինքզինքնին ընկերութեան եւ ընկերութիւնը կ՛ըլլայ երջանիկ եւ անդորր: Այն ատեն ընկերութիւնը կ՛ըլլայ ձգիչ ու առինքնող:
Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուած երբեք չի խօսիր քաղաքականութեան մասին, լաւ թէ գէշ: Քրիստոս երբեք խորհուրդ չէ տուած իր ժոծովուրդին գրաւեալ Երկիրը բռնութենէն ազատել, սակայն Աստուածաշուչի գրեթէ ամէն էջի վրայ խօսք կայ եղբայրսիրութեան մասին: Եւ եղբայրս է մերձաւորը, հեռաւորը եւ նոյնիսկ թշնամին:
Ոչ մէկ ընկերութիւն գոյութիւն ունի աշխարհի մակերեսին վրայ ուր խաբէութիւն, կեղծաւորութիւն , սուտ չկայ:
Ոչ մէկ ընկերութիւն գոյութիւն ունի աշխարհի մակերեսին վրայ ուր անկեղծ սէր եւ մօտիկութիւն կայ, ուր բոլորովին կը հաւատան մարդու արժանիքին եւ արժէքին:
Ոչ մէկ ընկերութիւն գոյութիւն ունի աշխարհի մակերեսին վրայ ուր խտրութիւն չկայ, չկայ տարբերութիւն ո՛չ հարուստի, ո՛չ չքաւորի:
Եթէ այսպիսի ընկերութիւն մը կայ երանի՛ մեզի:
Մեկնակէտը մեր պիտի ըլլայ մեր ընտանիքը: Մենք ինչպէ՞ս ենք մեր ընտանիքին մէջ: Հաւատացեա՞լ ենք, կ’ընդունի՞նք զԱստուած եւ Անոր օրէնքները իբր առաջին արժէք:
Կը սիրե՞նք իրար, խաղաղութեամբ, թէ իւրաքանչիւրը մեզմէ ինքնագլուխ իր մտադրածը կ՛իրագործէ՞, նոյնիսկ ի վնաս հօր կամ մօր, կամ քոյր-եղբօր կամքին եւ ակնկալածին դէմ:
Կը թոյլատրե՞նք, որ մեր ընտանիքը մեր թերութիւնները ըսէ եւ ուղղէ, թէ սանձարձակ եւ ամբարտաւան` կ՛արհամարհենք եւ կը հեքնենք բոլորը:
Այս բոլորը յատկութիւններ են Քրիստոնեայ սուրբ ընտանիքին: Երբ բոլոր ընտանիքները այս յատուկ իմաստով քրիստոնեայ են, այն ատեն կը վայելենք ընկերութիւն մը չնաշխարհիկ ու չքնաղ:
Այսպէս պէտք է կազմուի ընտանիքը: Զաւակաները երախտագէտ` պիտի օրհնեն իրենց ծնողները, իրենց բոյնին մէջ սորվեցան սէրը, գուրգուրալը, հնազանդիլը, ներելը, սորվեցան եւ ապրեցան խօսքը Աստուծոյ:
Հայր ըլլալ, կը նշանակէ, յաղթող ըլլալ պայքարին մէջ, ինքնակրթութեան եւ փոքրիկին դաստիարակութեան:
Մայր ըլլալ նոյնպէս յաղթող` զոհողութեամբ, սիրով այդ փոքրիկին դաստիարակութեան:
Ծառը կը ճանչցուի պտուղէն, եթէ պտուղը գէշ է, ուրեմն ծառը գէշ եւ թոյլ:







All the contents on this site are copyrighted ©.