2014-06-27 10:09:00

''Ակոսթինօ Ճեմելլի '' բազմաբուժարանի հիմնարկութեան հիսուն ամեակը։


''Ակոսթինօ Ճեմելլի'' հիւանդանոցի պատմութիւնը սկիզբ առած է 1934ին, երբ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Քահանայապետը, Հռոմի Մոնթէ Մարիօ շրջանի 37 հեկտարնոց տարածք մը նուիրեց ''Ճուզեփփէ Թոնիոլօ'' հաստատութեան, այնտեղ կառուցելու` Կաթողիկէ Համալասարանի բժշկական մասնաճիւղ մը։ Սակայն միայն 1957ին է որ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը, Հայր Ակոսթինօ Ճեմելլիի քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին առթիւ, անոր կ՛ուղղէ ձեռագիր նամակ մը խնդրելով որ իրագործէ սկզբնական ծրագիրը։ 1964-ին, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի ներկայութեամբ՝ Կաթողիկէ Համալսարանի բժշկական եւ վերաբուժական մասնաճիւղի բացումը կը կատարուի եւ տարիներու ընթացքին Ճեմելլի Համալիրը կը զարգանայ այլ մասնաճիւղերով։

Յայտնենք որ 1981-թուին՝ համալսարանի ''honoris causa - Պատւոյ Տոքթորայի'' տիտղոսը շնորհուեցաւ Կալկաթայի Մայր Թերեզային։ Նշենք նաեւ որ Ճեմելլի հիւանդանոցը աշխարհառչակ դարձած էր, յաճախ ընդունելով ու խնամելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ Քահանայապետը, մինչեւ որ որոշ լրագրողներու կողմէ նկատուեցաւ որպէս ''Երրորդ Վատիկանը'', Սուրբ Աթոռէն եւ Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն ետք։
Վերոյիշեալ կաթողիկէ համալիրը կը ներփակէ համալսարանական բժշկական մասնաճիւղ մը եւ բազմաբուժարան մը։ Հիւանդանոցին մէջ կը գործեն աւելի քան 700 հետազօտողներ՝ որոնց գործերը հրատարակուած են միջազգային լաւագոյն ամսագիրերու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.