2014-06-26 11:29:06

Ֆրանսայի մէջ Ռատիօթոն՝ ի նպաստ Սուրիահայութեան։


Հայկական հարցի ֆրանսական բիւրօն կազմակերպած է ռատիօթոն մը, որ պիտի կայանայ Յունիս 28ին, եւ որուն նպատակն է դրամահաւաք կատարել ի նպաստ սուրիահայութեան: Ծրագիրը, որ երրորդ անգամն ըլլալով կ՛իրականանայ, պիտի սփռուի Ֆրանսայի երեք հայկական ռատիօկայաններէ՝ «AYP FM», «Radio Armenie» եւ «Radio A»:
«Ներկայիս, երբ Սուրիոյ հայ համայնքը ծայրայեղ իրավիճի մէջ կը գտնուի, մենք պէտք է օգնութեան ձեռք երկարենք, աջակցինք եւ մեր միասնականութեան մասին յայտնենք», կը նշեն ռատիօթոնի կազմակերպիչները՝ ընդգծելով, որ այսպիսի հանգանակութիւն մը կազմակերպուած է 2013ի Սեպտեմբերին, որուն մեծ թիւով անձեր մասնակցած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.