2014-06-26 12:07:11

Ֆրանչիսկսոս Քահանայապետի պաաշտօնական հանդիպումներն ու Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան հասնող` կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններու պատասխանատուներուն ուղղած խօսքը։


Հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քահանայապետական բարեսիրական ''Քոր Ունում'' հաստատութեան նախագահ` Կարտինալ Ռոպերթ Սարան, որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց` Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Զէնոն Կրոքոլեվսքին եւ Հունգարիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ալպերթօ Պոթթարի Տէ Քասդելլոն։

Ժամը 11,15-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Վրաստանի դեսպանը հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ապա 11,30-ին, Քահանայապետներու անուամբ սրահին մէջ ընդունեց` Վատիկանի Աստղադիտարանի դպրոցի երիտասարադ աշակերտները, հուսկ 12-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան Եկեղեցինեու օգնութեան հասնող բարեսիրական մարմիններու պատասխանատուները, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան ժողովը։

Անոնց արտասանած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը նախ վերյիշեց մէկ ամիս առաջ Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութիւնը ու յարեց թէ ''այսօրուայ հանդիպումով կը նորոգէ ողջագուրումը բոլոր Արեւելեան Եկեղեցիներուն'' հաստատելով թէ այդ ուխտագնացութիւնը հադիսացաւ պատեհ առիթ մը շարունակելու կրօնական երկխօսութիւնը եւ ընթանալու դէպի քրիստոնեաներու լիակատար միութիւն։ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց ներկաները աղօթելու որպէսզի այդ ուխտագնացութեան արդիւնքները ըլլան պտղաբեր եւ ակնարկեց Վատիկանի մէջ կայացած խաղաղութեան աղօթքին, մասնակցութեամբ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին, որուն ընթացքին չորսը մէկ տնկեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող ձթենիի ծառ մը։
''Ով որ կը մշակէւ երբեք պէտք չէ մոռնայ որ բերքին աճը կախեալ է իսկական հողագործէն որ է Աստուած։ Արդարեւ իսկական խաղաղութիւնը, որ աշխարհը չի կրնար տալ մեզի, պարգեւուած է` Յիսուս Քրիստոսի կողմէ'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն իրենց տուած եղբայրսիրական սատարին։
''Միութեամբ եւ եղբայրսիրութեամ Քրիստոսի աշակերտները կը մշակեն խաղաղութիւնը յաղթահարելով խտրականութիւնները, սկսեալ կրօնական խտրականութիւններէն'' հաստատեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ '' Առաջինները որ կանչուած են խաղաղութիւնը մշակելու, Արեւելքի մեր եղբայր եւ քոյրերն են ու անոնց հովիւները, որ երբեմն կը յուսան` յոյսէն աւելի, գոյատեւելով այն վայրերուն մէջ ուր ծնած են եւ ուր առաջին անգամ հռչակուեցաւ Աստուծոյ Որդւոյն Աւետարանը։ Անոնք երանելի են` որովհետեւ խաղաղութեան գործիչներ են եւ պիտի կոչուին Աստուծոյ որդիներ։ Անոնց արտասուքն ու մտավախութիւնը մերն է, ու մերն է նաեւ անոնց յոյսը։ Եւ այս արտայայտելու ենք մեր ցուցաբերած զօրակցութեան միջոցաւ, որ պէտք է կարողանայ խթանել միջազգային հասարակութիւնը, պաշտպանելու համար անհատին եւ ժողովուրդներուն իրաւունքները'',`ըսաւ Քահանայապետը յատուկէն մատնանշելով Սուրիոյ եւ Իրաքի եղբայր ու քոյրերուն, ինչպէա նաեւ Սուրբ Երկրի եւ Ուքրանիոյ հաւատացեալներուն։
''Ձեզ կը խրախուսեմ շարունակելու ձեր գործունէութիւնը'' յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ''թիկունք կանգնելով մանաւանդ տկարներուն ինչպէս նաեւ գաղթականութեան մէջ ապրողներուն, անոնց վերադարձնելով արժանապատուութիւն եւ ապահովութիւն, յարգելով անոնց իքնութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը։
Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նոր սերունդի կազմաւորումի կարեւորութեան ինչպէս նաեւ, ի տես ընտանիքի մասին գումարուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, հրաւիրեց զանոնք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ընտանեկան կառոյցին։
''Թող Աստուածամայրը ընկերակցի ընտանիքներուն, որոնց միջոցաւ Եկեղեցին, աւետարանի քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ, ըլլայ միշտ` Աստուծոյ տիեզերական ըտանիքը կառուցող պտղաբեր եւ հետամուտ Մայր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.