2014-06-26 12:07:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ճառը Վատիկանի աստղադիտարանի դասընթացքին հետեւող աշակերտներուն։


Հինգշաբթի, 26 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ, Վատիկանի
՜՜Սփէքոլա՜՜ կոչուած աստղադիտարանի դպրոցի, ''հեռաւոր եւ մօտիկ, երտասարդ եւ ծերունի աստղեր՝՝խորագիրը կրող ամառնային դասընթացքի հետեւող՝ աշխարհի 26 երկիրներէ ժամանած աշակերտներուն եւ անոնց դաստիրակչական կազմին։
Նորին Սրբութիւնը, այս առթիւ, անոնց ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ իր գնահատանքը յայտնեց դասատուներուն, որոնք ժամանակ եւ անխոնջ աշխատանք տրամադրած են աշակերտներնուն, զանոնք ներմուծելու Տիեզերքի ուսումնասիրութեան հմայիչ աշխատաքներու աշխարհին մէջ, որ Աստուծոյ թանկագին պարգեւն է։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը ուղղելով աշակերտնեուն ըսաւ. ''Սոյն դասընթացքին՝ ձեր մասնակցութիւնը առաջնորդութեամբ մասնագէտ ուսուցիչներուն, չեղաւ միայն աստղերու ուսումնասիրութիւն, այլ՝ նաեւ բաժնեկցութիւն ձեր մշակութային ու կրօնային աւանդութիւններուն, երկխօսութեամբ եւ համերաշխ համագործակցութեան վկայութեամբ։ Ան ապա մտանանշեց, թէ ինչպէս ''այսպիսի պարզ ձեռնարկ մը, ցոյց կու տայ, թէ գիտութիւնը կրնայ ատակ միջոց դառնալ զարգացնելու համար խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը։
''Եկեղեցին` ասոր համար, յանձնառու է նաեւ գիտական երկխօսութեան՝ հաւատքի շնորհած լոյսէն սկսեալ, որովհետեւ, Եկեղցին համոզուած է, թէ հաւատքը կ՛ընդլայնէ բանականութեան հեռանկարները ու զանոնք կը հարստացնէ'' յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, թէ ''Արդար է, որ ամէն ժողովուրդ հնարաւորութիւն ունենայ գիտական ողողումի եւ կազմաւորութեան'' ու քաջալերելով աշակերտները բաժնեկցելու՝ իրենց ստացած տիեզերքի ծանօթութիւները իրենց երկրի ժողովուրդին հետ։ ''Որովհետեւ քիչեր են անոնք, որ ծանօթ են այսպիսի տեղեկութիւններուն, որ մարդոց սիրտն ու միտքը կը բանան, մարդկութեան հարցադրանքին` ''Ուրտեղէ՞ն եկած ենք եւ ո՞ւր կ՝երթանք։ Սոյն հարցումներու պատասխանի որոնումը մեզ կը պատրաստէ հանդիպելու Արարիչին – ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով որ
՝՝Ամենակարող եւ ողորմած Աստուածը, որ աստեղերը կը հաշուէ եւ զանոնք կը կոչէ ամէն մէկը իր անունով, լիացնէ Իր խաղաղութեամբ եւ օրհնէ ձեզ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.