2014-06-26 13:30:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 26 յունիսի քարոզը՝ Յիսուս ժողովուրդին սիրտը կը ջերմացնէ


Հինգշաբթի, 26 յունիսին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզը կեդրոնացուց հետեւեալ հարցումին վրայ` ''Ինչո՞ւ բազմաթիւ մարդիկ կը հետեւէին Յիսուսին''։
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, թէ Յիսուս ունէր շատ հետեւոդներ, որովհետեւ անոնք հմայուած էին Յիսուսի ուսուցումէն, Անոր արտասանած խօսքերէն, որոնք կը հրապուրէին հաւատացեալները։ Ուրշիներ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - միայն կը զրուցէին, բայց երբեք չէին մօտենար ժողովուրդին ։ Յիսուս Բարի Հովիւ մըն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – ներկայացնելով չորս տարբեր խումբերու օրինակներ` Փարիսեցիները, Սադուկեցիները, որոնք հաւատքնին կորսնցուցած էին եւ քաղաքական հարցերով կը զբաղէին։ Յեղափոխականները, որոնք կ՛ուզէին Իսրայելի ժողովուրդը ազատել Հռովմէացիներու գերիշխանութենէն, եւ ի վերջոյ վանականները, որոնք մեկուսացած ու հեռու կ՛ապրէին ժողովուրդէն։ Յիսուս ասոնցմէ ոչ մէկուն կը նմանէր։ Ան սրտերը կը ջերմացնէր ու Անոր պատգամը կը հասնէր բոլորին սրտին։
Որո՞ւն կ՛ուզեմ հետեւիլ ես ` ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին ու հայցեց, որ այս հարցումը մեզ մղէ աղօթելու եւ խնդրելու Աստուծմէ` մեր Հօրմէն, որ մեզ զետեղէ Յիսուսին մօտ, որպէսզի հետեւինք Անոր եւ հրապուրուինք անոր խօսքերով։







All the contents on this site are copyrighted ©.