2014-06-26 12:21:11

Քոլոմպիայի միաստուածեան երեք կրօնապետերը խաղաղութեան ի խնդիր համաձայանգիր մը պիտի ստորագրեն։


Քոլոմպիայի պատմութեան մէջ, առաջին անգամուան համար, միաստուածեան երեք կրօնապետերը խաղաղութեան ի խնդիր միացեալ համաձայանգիր մը պիտի ստորագրեն յառաջաիկայ մէկ յուլիսին, Պոկոթա` մայրաքաղաքի առաջնորդարանին մէջ։
Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի օգնական քարտուղարը` հայր Պետրօ Սեպետա այս լուրը հաղորդելով մատնանշեց որ այս վաւերաթուղթով երեք համայնքապետերը` կաթողիկէ, հրեայ եւ իսլամ, միասնաբար պիտի աշխատին Քոլոմպիայի եւ աշխարհին խաղաղութեան ու հաշտութեան համար։
Այս նախաձեռնութիւնը շարունակութիւն մըն է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախաձեռնութեան, որ անցեալ 8 յունիսին Վատիկանի մէջ աղօթեց Ս. Երկրի խաղաղութեան համար, մասնակցութեամբ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.