2014-06-26 11:48:46

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


Ինչպէ՞ս գտնել անհաւատարմութեան աղբիւրները, եւ բուժել։
Յետ դատական ատեաններու մէջ երկար տարիներու աշխատանքի եւ մեր քահանայական առաքելութեան ունինք առատ փորձառութիւն, ուր ականատես եւ խորհրդատու եղանք բազմաթիւ զոյգերու կեանքի հաշտութեան եւ վերականգնումի աշխատանքային առաքելու թեան, կարող ենք համառօտել ամուսնութեան թշնամիները հինգ կէտերու մէջ, որոնք ընտանիքը կ՛առաջնորդեն բաժանումի, ամուսնալուծումի եւ անհաւատարմութեան։
ա­ Ստիպողական ամուսնութիւնը, մէկ, կամ երկու կողմերէն պայմանաւորուած, երբեմնի դժբախտ արդիւնքներու կ՛առաջնորդէ։ Նոյնպէս, ընտանեկան հարստութիւններու վրայ հիմնուած, կամ պաշտօնական հանգամանքներու ակնկալութեամբ շահագրգրուած ամուսնու թիւնները, կարող են սպաննել խնդրոյ առարկայ զոյգերու կեանքի երազներն ու ապագան։
բ­ Ամուսիններուն ծնողական անտեղի միջամտութիւնները, որոնք յառաջ կու գան ծնողական անզուսպ սէրէն, որ խանգարումներ կը ստեղծէ նոր ընտանիքէն ներս եւ կը պղտորէ անոնց համերաշխութիւնն ու փոխադարձ սէրը։
գ­ Ընչաքաղցութիւնը եւ եսասիրութիւնը ամուսիններու մօտ։ Այս պարագան խորապէս մտահոգիչ է։ Ընչաքաղցութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որովհետեւ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ, թէ՛ խնդրոյ առարկայ զոյգերուն մօտ եւ թէ՛ անոնց պարագաներուն, անոր զոհը կը զլանայ իրեն ամուսնական եւ ծնողական պարտականութինները կատարել, իսկ եսասիրութիւնը, ենթագիտակցական բարդոյթ մըն է, որուն ենթական անկարող կը դառնայ ճշմարիտ սէրը ապրելու եւ նուիրուելու ընտանեկան ամբողջական պարտականութիւննե րուն։
դ­ Ամուսիններու արտաքին անխոհեմ կապերը, բարեկամական, գործի, եւ կամ ընկերային յառաբերութիւնները, որոնք ընտանիքի երկու ամուսիններու միջեւ, սառնութիւն կը ստեղծեն, հեռաւորութիւն, անտարբերութիւն ու անհետաքրքրութիւն իրարու հանդէպ, մինչեւ դաւաճա նութիւն, բաժանում եւ փախուստ։
ե­ Անհիմն եւ երեւակայական իդէալներ, ինչպէս զաւակներու կրթութեան համար անտեղի վէճերը երկու ամուսիններու միջեւ, մանաւանդ եթէ խառն ամուսնութիւն է ։
Այս հինգ կէտերը, ընդհանրապէս ամուսնական կոչումը կ՛ոտնակոխեն եւ կը մոռցնեն զոյգի կեանքին սրբազնագոյն պահը, երբ Ս. Խորանի դիմաց զոյգերը ուխտեցին Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ հաւատարմութիւնը։ Այս հինգ կէտերը եւ անոնցմէ բխած ուրիշ խնդիրներ ընտանե կան մթնոլորտը կը պղտորեն, խաղաղ կեանքը կը վրդովեն, եւ տհաճ կացութեան կը մատնեն ընտանիքը։ Սակայն վատագոյնը, երեխաներուն հոգեբանութիւնն է որ կը քանդուի։ Անապա հովութեան ախտին մէջ կը խրեն, անկարող կը դարձնեն զաւակները իրենց ապագան որոշելու, չըսելու համար վրէժխնդիր նկարագիր մը կը գոյացնեն անոնց հոգիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.