2014-06-25 09:56:14

Քեսապը տակաւին ապահով չի նկատուիր


ՔԵՍԱՊ, «Եռագոյն».- Հակառակ անոր, որ որոշ ընտանիքներ վերադարձած են Քեսապ, շրջանը տակաւին կը մնայ անապահով: Ազատագրուելէն ետք Քեսապ երկու անգամ հրթիռակոծուած է:
Երկուշաբթի, 23 Յունիսին, չորս հրթիռ ինկած է Քեսապի կեդրոնական շրջանին մէջ: Բարեբախտաբար վնասներ չեն եղած, բնակչութեան խորհուրդ տրուած է հեռանալ Քեսապէն: Այժմ այնտեղ կը մնան առաւելաբար տղամարդիկ:








All the contents on this site are copyrighted ©.