Քահանայապետական միջ-կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի քարտուղար` Հայր Միկէլ Ալկել Այուզօ
Կիքասօ եւ Ասիայի` խաղաղ Ովկիանոսեան երկիրնեու Իսլամ կրօնի պատասխանատու` Հայր Մարքուս
Սոլօ, 22-էն 27-յունիս կը գտնուին Ինտոնեզիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան Ինտոնեզիոյ
Եպիսկոպոսական դասի միջկրօնային յանձնախումբի անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ Ինտոնեզիայի
Կաթողիկէ այլ հաստատութիններու հետ որոնք կը գործեն երկխօսութեան ի սպաս։ Միջկրօնային
երկխօսութեան ծիրէն ներս, Քահանայապետական խորդուրդի վերոյիշեալ անդամները պիտի այցելեն
նաեւ Ինտոնեզիայի Իսլամական գլխաւոր կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին Նահտլաթուլ Ուլամա
եւ Մուհամատիյա կոչուած կազմակերպութիւնները ու պիտի հանդիպին Ուլամաներու խորդհուրդի
անդամներուն հետ։ Նշենք, թէ Ինտոնեզիոյ մէջ կը բնակին աշխարհի Իսլամական կրօնի պատկանող
ամենամեծ հասարակութիւնը։ Քահանայապետական Միջկրօնային երկխօսութեան ներկայացուցիչներու
այս այցելութեան կէտնպատակն է` զարգացնել միջկրօնային երկխօսութիւնը, յարգանքի եւ բարեկամութեան
ուղիով, ընդառաջեով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրին։